2009-02-19 12:28:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Տիկին Նանսի Բելոզին`ԱՄՆի ազգային ժողովի նախագահը։


Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Տիկին Նանսի Բելոզին`ԱՄՆի ազգային ժողովի նախագահը։ 15 վայրկեան տեւող հանդիպումին ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վերակոչեց կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մշտատեւ ուսուցումը կեանքի պաշտպանութեան ի խնդիր եւ հրաւիրեց կաթողիկէ օրէնսդիրները եւ քաղաքական պատասխանատուները պաշտպանելու՝ մարդկային կեանքը, սաղմէն մինչեւ բնական մահը։ Յայտնենք թէ Տիկին Նանսի Բելոզի իտալա-ամերկացի է եւ դաւանանքով կաթողիկէ։ Իտալահայերը Տիկին Նանսի Բելոզիի Հռոմ անցքէն օգտուելով նամակ մը յղեցին անոր հայկական դատի ի նպաստ։

Վատիկանը իր վերապահութիւնը յայտնած է ԱՄՆի ներկայ նախագահի յայտագրէն հայող վիժումի արտօնութեան։



՜՜Վստահութեան Տիրամօր՝՝ տօնին առթիւ, փետրուար 20ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի թեմի ժառանգաւորներու հետ։



Վստահութեան Տիրամայրը`պաշտպան սուրբն է Հռոմի թեմի ժառանգաւորներուն։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Հռոմի թեմի դպրեվանքը եւ ժառանգաւորներու հետ միասին երեկոյեան ժամասացութիւնը կը կատարէ։ Անցեալ տարի Սրբազան Հայրը ժառանգաւորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսած էր անոնց թէ ՜՜քահանային կեանքը աշխարհի ամենէն շահաքրքիր ու կարեւոր արկածախնդրութիւնն է՝՝։



Իսկ այս առաւօտ հինգշաբթի 19 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Տիար Կորտոն Պրաուն` Անգլիոյ վարչապետը, անոր կողակիցը եւ շքախումբը։

Ապա Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հռոմի Ամերիկեան ՜՜Բիօ Լատինօ ՝՝ քահանայապետական դպրեվանքի ժառանգաւորները թիւով 150 հոգի։








All the contents on this site are copyrighted ©.