2009-02-19 12:25:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Համաշխարհային տնտեսական տագնապի պայմաններուն մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան ծրագիրներուն եւ հեռանկարներուն առնչուող հարցեր քննարկուած են երէկ, ֆոնտի Գործադիր տնօրէն Ահ Պաքերի լխաւորած պատուիրակութեան հետ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպման ընթացքին։ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հիմնադրամի Միջին Արեւելքի եւ կեդրոնական Ասիոյ վարչութեան փոխտնօրէն Լորենսօ Փերես, հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Մարք Լուիս եւ Հայաստանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի մնայուն ներկայացուցիչ Նինքէ Օմես։



Նախանցեալ օր Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքի ընդունած է երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Վարշաւա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։ Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման հետ կապուած խնդիրները։ Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է վերջին զարգացումները ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ։ Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան Լեհաստանի խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է Լեհաստանի խորհրդարանի նախագահ Պրոնիսլավ Քոմորովսքիի եւ Ծերակոյտի նախագահ Պոկտան Պորուսեւիչի հետ։

Պրոնիսլավ Քոմորովսքի ըսած է, թէ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչները, դարեր շարունակ ապրելով Լեհաստանի մէջ, իրենց նպաստը բերած են պետութեան զարգացման, որուն վկայութիւնն է նաեւ լեհական խորհրդարանին մէջ այժմ հայկական ծագումով երկու երեսփոխաններու ներկայութիւնը։



Զինուորական գետնի վրայ իր առաջին մէկ քայլով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վաւերացուց 17 հազար յաւելեալ ամերիկացի զինուոր Աֆղանիստան ուղարկելու որոշումը՝ յայտնելով, որ անոնք վատթարացող կացութիւնը կայունացնելու համար անհրաժեշտ են։ Օպամա տեղակայման հրամանը տուած է ընդառաջելով Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր Տէյվիտ Մաքքիրնընի խնդրանքին ։



ՀՅԴ-ի եւ Եւրոպական ընկերվարականներու կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան միացեալ ժողովը տեղի ունեցաւ 17 փետրուարին Պրիւքսելի մէջ։ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած միացեալ ժողովին բնաբանն էր ՝՝Միասին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ համերաշխութեան, կայունութեան եւ զարգացման համար՝՝։ Ժողովին նախագահեց Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Միկէլ Անկել Մարթինեզ (Սպանիա), որ բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ՝ հայութեան եւ Դաշնակցութեան հետ իր վաղեմի ծանօթութեան եւ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարականներու խումբին հետ այս ժողովի նպատակն է համերաշխութիւն յայտնել՝ Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Ժողովին մասնակցեցան Եւրոպական խորհրդարանի 11 երեսփոխաններ եւ շարք մը այլ երեսփոխաններու օգնականները։



Չորեքշաբթի, Փետրուար 18ին հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան յայտարարած է, թէ Սեւ ծովու տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի մը մասնակցելու համար, Հայաստան այցելելու հրաւէր մը ստացած է։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ- Հայաստանի Գերմանական Համալսարանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունիսին, իսկ դասընթացքները պիտի սկսին Սեպտեմբերին, ինչպէս որ յայտարարած է համալսարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Էդուարդ Սարոյեան։ Համալսարանի հիմնադրման նախաձեռնողները Գերմանիոյ մէջ քաղաքական գործիչներ եւ գիտնականներ են։ Համալսարանը պիտի ունենայ միջազգային ուղղուածութիւն, այսինքն՝ ուղղուած պիտի ըլլայ եւրոպական երկիրներու հետ համագործակցութեան եւ ուսանողներու ու դասախօսներու փոխանակման ծրագիրներու իրականացման։



ՊԷՅՐՈՒԹ - Լիբանանահայ մտաւորական, մանկավարժ, դաստիարակ, ուսուցիչ, գրաքննադատ եւ ազգային ու մշակութային գործիչ Գրիգոր Շահինեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2009ին,կանուխ յետ միջօրէին ՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։ Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան նշեց, որ Գրիգոր Շահինեան իր կեանքը արժեւորած մարդ մըն էր, որ իր էութիւնը նուիրած էր՝ նոր սերունդի ուղղակի դաստիարակութեան։ Գեղամ եպս. Խաչերեան ապա կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կոնդակը։ Նշենք որ Վեհափառին կողմէ առ ի գնահատանք իր անսակարկ գործունէութեան, յետմահու Գրիգոր Շահինեանին տրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.