2009-02-18 13:55:34

Լուրեր հայկական կեանքէն

Վարդանանց տօնակատարութիւն Դամասկոսի մէջ


Հովանաւորութեամբ արհիապատիւ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաւութեանի` առաջնորդը Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց եւ կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Միութեան Վարդանանց տօնակատարութիւն տեղի կ՛ունենայ կիրակի 22 փետրուար 2009ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահը։ Կա բանախօսէ տիար Սարգիս Նաճարեան պատասխանատու տնօրէն` Պէյրութի հայ կաթողիկէ ՄԱՍԻՍ շաբաթաթերթին։ Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ապահովէ Հ.Կ.Մ. պատանեկանը ու Քնար երգչախումբը։



Եւրոտեսիլ-2009-ի թեկնածու հայ երգիչներ

Երեւանի Կ Տեմիրճեան մարզահամերգային համալիրին մէջ15 փետրուարին տեղի ունեցաւ Եւրոտեսիլ-2009-ի թեկնածու երգիչներու ընտրական մրցումը, ունենալով որպէս նպատակ նշել 12 - 16 մայիս 2009-ին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոտեսիլ 2009 երգի միջազգային մրցումին մասնակցողները։ Մրցումին յաղթող նկատուեցան Ինգա եւ Անոյշ Արշակեանները, անոնք իրենց Նոր պար երգով պիտի ներկայացնեն Հայաստանը։ Վիճակահանութեան արդիւնքով Հայաստան բեմ պիտի ելլէ մայիս 12-ին տեղի ունենալիք կիսաեզրափակիչ ելոյթին։



Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւն հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմերը, տեսչական կազմի անդամներ, Ծնողական Յանձնախումբի անդամուհի տիկինները եւ հիւրեր Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2009-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին հաւաքուեր էին Հ.Կ.Մ.-ի Յովհ. Պօղոսեան թատերասրահին մէջ, տօնակատարելու համար Վարդանանց հանդիսութիւնը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտ Դանիէլ-Վարդան Թորոսեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. 155 դար շարունակ հայոց սերունդներ դաստիարակուեցան անոր՝ Քաջն Վարդանի հերոսական շունչով եւ դիւցազնական ոգիով։ 451 թուականին Աւարայրի ճակատարմարտին, հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանումի համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները հայոց մեծագոյն սուրբերէն են։

Այնուհետեւ շարունակելով իր խօսքը, Դանիէլ-Վարդան հաստատեց, որ իրենց նահատակութեամբ Վարդանանք հաստատեցին հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը եւ լինելութեան իրաւունքը։

Աւարտելով իր խօսքը, Թորոսեան ըսաւ. Անոնց՝ Վարդանանց հերոսներու զոհաբերումով մինչեւ օրս քրիստոնեայ հայոց աշխարհը տակաւին կը խաչակնքէ ու մեր փառապանծ ազգը կ՛անմահանայ անոնց՝ Վարդաններու, Ղեւոնդներու հետքերուն հետեւելով։ Այսօր քրիստոնէական մեր ուխտի վերահաստատման սրբազան օրն է։ Ուխտենք պատրաստ ըլլալու, խառնուիլ Վարդանին պէս մարտիրոսներու գունդին. յանուն ազգի, հայրենեաց, յանուն արդար մեր հաւատքին։

Դանիէլ-Վարդան Թորոսեանի բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը։ Յայտագիրի ընթացքին մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան Զէյթունցիներ երգի կատարումով, Ա դասարանի խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Հայրն ու Որդին բանաստեղծութիւնը, Բ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Քաջն Վարդն բանաստեղծութիւնը, իսկ չորրորդ դասարանի աշակերտուհի Նարէ Աշարեան ջութակի վրայ նուագեց Ծիծեռնակ ստեղծաործութիւնը։ Դաշնամուրի վրայ իր գեղեցիկ կատարումով ներկաներուն հիացմունք պարգեւեց 6-րդ դասարանի աշակերտ Սէրուժ Անտոնեան։ Ան նուագեց Արամ Խաչատուրեանի Սուրերով Պարը, իսկ նոյն դասարանէն աշակերտուհի Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Գարեգին Վրդ. Սրվանձտեանի Երգ Վարդանանց Յիշատակին բանաստեղծութիւնը։

Իւրայատուկ՝ Իմ՝ Վարդան Մամիկոնեանիս պատգամը նորօրեայ հայ սերունդներուն պատգամով մը հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Նազարէթ Թովմասեան։ Անոր ելոյթին յաջորդեցին վարժարանի նուագախումբի եւ երչախումբի ելոյթները։ Յակոբ Բամպակեանի Վարդան Մամիկոնեան ստեղծաործութիւնը ասմունքեց Անի Դարբինեան՝ 11-րդ դասարանէն։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Հայ Կաթողիկէ Ս. Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան, փոխանցելու համար իր խօսքը։ Վարդապետին խօսքը եղաւ հետաքրքրական, քանի որ անիկա պատմութիւնն էր փոքրիկն Մեսրոպին, որ որդին էր Վարդան Մամիկոնեանի զօրավարներէն՝ Արտակ զօրավարին։ Բանախօսը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. Սիրելի աշակերտներ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ըլլալով այս դպրոցին աշակերտը, որ կը կրէ Ս. Մեսրոպի անունը, կը կոչուի մեսրոպեանցի, կամ կրնայ կոչուիլ նաեւ մեսրոպեան աշակերտ։ Ասիկա ձեր ինքնութիւնն է։ Դուք ազատամիտ, համարձակ եւ երբեմն ալ անզուսպ սերունդ էք։ Սակայն դուք քաջ էք, Լիբանանի պատիւն էք եւ ապագան։ Դուք այսօրուան եւ վաղուան Մեսրոպներն ու Վարդաններն էք։

Բանախօսի խօսքին յաջորդեց մարտարուեստի պարային ելոյթ, որ կատարեցին վարժարանի աշակերտներ Տաւիտ Տաուտ, Ֆրէտի Տաուտ, Գրիսթէլ Գոշոյեան եւ Սէրուժ Ճապրայեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտեցաւ վարժարանի Շուշի պարախումբի ելոյթով։

Սակայն ասիկա օրուան ամբողջ յայտագիրը չէր։ Տնօրէնութիւնը պատրաստած էր նաեւ փոքր անակնկալ մը։ Բեմ հրաւիրուելով վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ. Ես այսօր փակման խօսք չէ որ պիտի արտասանեմ։ Այսօր համընկաւ Ղեւոնդեանց տօնին հետ։ Հետեւաբար ասիկա տօնն է մեր յարգելի կղերականներուն, իսկ մեր մէջ այսօր ներկայ են վարժարանիս Հայրը՝ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան եւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան։ Երկուքն ալ կը կրեն Վարդան անունը, հետեւաբար անոնց կ՛ըսեմ. Ձեր անունով ապրիք։ Շնորհաւորելով եկեղեցականները իրենց անուանակոչութեան առիթով, վարժարանէն երկու աշակերտներ անոնց յանձնեցին յիշատակի ծաղկեփունջեր։ Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան, որ իր կողմէն գեղեցիկ անակնկալ մատուցեց վարժարանի Վարդան եւ Վահան անունները կրող աշակերտներուն, անոնց յանձնելով անուանակոչութեան վկայագիրեր։ Օրուան հանդիսավարն էր աւարտական դասարանի աշակերտ Կարէն Եօսուլքանեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.