2009-02-18 13:58:15

Էջ մը Հայ Գրականութենէն

45 – Գրիգոր Մագիստրոս


Գրիգոր որդին էր Վասակ Պահլաւունի զօրավարին, որ հերոսաբար զոհուեցաւ Անիի պարիսպներուն տակ` ետ մղելով Սելճուք թուրքերու արշաւանքը, 1021-ին։ Գրիգոր ծնած է 10-րդ դարուն վերջերը եւ արդէն երիտասարդ տարիքին մտած էր հայ քաղաքական ու զինուորական կեանքին մէջ։ Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Անի մայրաքաղաքին մէջ, որ այդ շրջանին կը վայելէր համբաւը գիտութեան կեդրոն մը ըլլալու։ Կը մասնագիտանայ յունական իմաստասիրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրքի գիտութեանց մէջ։ Հօրը մահէն ետք` կը հիմնէ բազմաթիւ վանքեր եւ եկեղեցիներ, սակայն ինք կը մնայ աշխարհական, նախընտրելով նախ զինուորական եւ ապա` ուսուցչական ասպարէզը։

1042-ին, ան կը միջամտէ Գագիկ Բ.-ի ի նպաստ` թագաւորութեան հասնելու, ընդդէմ Վեստ Սարգիսի եւ իր համախոհներուն։ Սակայն նոյն Վեստ Սարգիսը կը յաջողի նոր թագաւորի աչքին ներկայացնել Գրիգորը որպէս դաւաճան. Ուստի ան կը ստիպուի Կ.Պոլիս ապաստանիլ եւ հոն կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին ու կը կոչուի Մագիստրոս, այսինքն մեծ ուսուցիչ։ Կ՛ունենայ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնցմէ ոմանք կը հասնին եպիսկոպոսութեան աստիճանի։

1045-ին, Գագիկ Բ. Պոլիս կ՛երթայ Անի քաղաքի վիճակին մասին բանակցելու համար. Հոն` ըմբռնելով իր սխալը, կը հաշտուի Մագիստրոսի հետ։ Սակայն Անին վերջնականապէս կորսուած էր, եւ Հայերը կը ստիպուին զայն յանձնել Բիւզանդիոնի, ու այսպէսով վերջ կը գտնէ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Գրիգոր կու տայ Յոյներուն իր ստացուածքները եւ անոնց փոխարէն` կը ստանայ հողեր, քաղաքներ եւ գիւղեր Բիւզանդիոնի շրջանին մէջ։ Վերջին տարիները կ՛անցնէ այնտեղ, պայքարելով Թոնդրակեցիներու աղանդին դէմ ու կը վախճանի 1059-ին։

Մագիստրոսի Գործերը

Գրիգոր ունի շատ կարեւոր նամականի մը, բաղկացած 88 նամակներէ, գրուած կաթողիկոսին, թագաւորին, զանազան իշխաններու եւ եպիսկոպոսներու, նոյնիսկ ունի երկու նամակ ուղղուած իր ծոյլ աշակերտներուն։ 19-րդ թուղթը ողբ մըն է Արամեան ազգին վրայ, ուր կը յիշատակէ կարգ մը պատմական դէպքեր ու անձնաւորութիւններ։

Մագիստրոսի գլխաւոր գործերէն մին է Հազարտողեանը, որ 1000 ոտանաւոր տողերու մէջ կ՛ամփոփէ բոլոր Աստուածաշունչը. Ասիկա արդիւնքն է Մանուչէ կոչուած արաբ փիլիսոփայի մը հետ իր ունեցած վէճին։ Արաբը գեղեցիկ չէր գտներ Սուրբ Գիրքը, զայն բաղդատելով իսլամական Ղուրանին, այս վերջինը գրուած ըլլալով տաղաչափեալ կերպով։ Գրիգոր յանձն կ՛առնէ 3 օրուայ մէջ ամփոփել Հին եւ Նոր Կտակարաններու գրուածքները 1000 տողով բանաստեղծութեան մը մէջ։

Ունի ուրիշ ոտանաւոր մը. Ներբող ի սուրբ Խաչն աստուածընկալ։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ քերականութեան դասագիրք մը, որ նոյն դարուն գործածուած է Հայաստանի մէջ։ Այս բոլորէն զատ` ան թարգմանած է շատ մը գրքեր յունարէնէ հայերէնի. Պղատոնէն թարգմանած է Տիմէոս եւ Փետոն, փիլիսոփայական գրքերը. Մաթեմաթիկոս Եւկլիտէսէն թարգմանած է երկրաչափական հատուածներ։ Իրեն կը վերագրուին նաեւ Պղատոնէն` Ջատագովութիւն Սոկրատի գիրքը, Օրէնքներու 12 գրքերը եւ Մինովս։ Մագիստրոսի լեզուն քիչ մը ուռուցիկ է եւ ճոռոմաբան, լի հելլենաբանական ասացուածքներով. նախընտրած է գործածել փնտռուած ոճ մը, վեր հանելու համար հայկական լեզուի հարստութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.