2009-02-18 13:09:52

Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 16 փետրուարին Լեհաստան իր այցելութեան սկսաւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ հանդիպումով։ Նալբանդեան եւ Սիքորսքի քննարկեցին տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ կատարուելիք քայլերը։ Ողջունելով Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան առաջարկը՝ նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի կնքման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն հետ մուտքի արտօնագրային դրութեան հաշտեցման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը եւ այդ հարցին մէջ Լեհաստանի հաւանական աջակցութիւնը։ Նալբանդեան Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հայող բանակցութիւններու վերջին զարգացումները եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւնները։ Հանդիպումէն ետք նախարարները յուշագիր մը ստորագրեցին Հայաստանի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Եւրոպայի հետ մերձեցման մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ։



Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ իր պատուիրակութեան անդամները Յունաստանի մէջ իրենց համար շատ անհաճոյ անակնկալի մը առջեւ գտնուած են առջի օր երբ անոնք ժամանեցին՝ Աքատիմիաս պողոտային վրայ գտնուող Յունաստանի առեւտրական պալատը, ուր տեղի պիտի ունենար յոյն եւ ազրպէյճանցի գործարարներու հանդիպումը՝ Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի եւ վարչապետ Քարամանլիսի ներկայութեան։

Հանդիպումէն մօտ ժամ մը առաջ հոն փութացած եւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան հրաւէրով համախմբուած հայեր պարզած էին՝ հայկական, յունական եւ արցախեան պետական դրօշները, ինչպէս նաեւ պաստառ մը, ուր անգլերէն տառերով գրուած էր ՝՝Ալիեւ՝ դադրեցուր նախայարձակումը, Լեռնային Ղարաբաղը արդէն իսկ անկախ է՝՝։



Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն համալսարանական ուսանողներ կեդրոնական Անատոլուի Նեւշեհիր քաղաքին մէջ հայ-թրքական երկխօսութեան ճամբարի մը մասնակցած են։ Ծրագիրը կազմակերպուած էր ՝՝Թրքական համալսարաններու ուսանողներու մօտեցումներու՝՝ կողմէ եւ կը վայելէր՝ Թրքական տնտեսական եւ ընկերային ուսումնասիրութեան հիմնարկին (ԹԵՍԵՒ), Հելսինքիի քաղաքացիներու համախմբումի եւ պոլսահայ Ակօս օրաթերթի հովանաւորութիւնը։ Օրաթերթը կը նշէ, որ ճամբարին նպատակն էր թուրք եւ հայ համալսարանական ուսանողներուն միջեւ ծանօթացում յառաջացնել՝ յաղթահարելու համար երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող նախապաշարումները։՝՝Տողան՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ճամբարին մասնակցած են Թուրքիայէն 80 ուսանողներ, իսկ Հայաստանէն՝ 20 ուսանողներ։

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն խիստ քննադատութեան ենթարկած է թրքական իշխանութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հերքելու պատճառով։

Ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ընթացքին՝ հայամէտ քոնկրեսականը անդրադարձած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Կազայի դէմ յարձակումները իրականացուցած իսրայէլեան իշխանութիւններուն դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն եւ Անգարան ՝՝երկերեսանի՝՝ անուանած է։ Ան թրքական իշխանութիւններուն խորհուրդ տուած է ՝՝նայիլ հայելիին մէջ , նայիլ սեփական պատմութեան եւ ընդունիլ 1,5 միլիոն հայերու սպանդը՝՝։



1921ի՝Փետրուար 18-ի ժողովրդային ապստամբութեան 88-րդ տարեդարձը։ Հայ ժողովուրդը պատմութեան այդ ժամանակահատուածին տեսաւ, դառնօրէն, որ պոլշեւիկեան համայնավարութիւնը՝ իր շռայլօրէն խոստացած բարիքներուն փոխարէն, կը բերէր աւեր ու բանտարկութիւն, սպանութիւն, բանակի կազմալուծում եւ ընտանեկան արժէքներու քայքայում։ Այդ օրէն՝ 18 Փետրուար 1921էն ասդին, ամբողջ հայութիւնը ամէն տարի, հայրենիքի մէջ եւ արտասահմանի տարածքին, տօնակատարելով Փետրուար 18-ի խոյանքը, կ՝ոեկոչէ Երեւանի բանտերուն մէջ սպաննուած եւ հետագային Սիպերիոյ խորերը տարագրուած ու մահացած հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներուն յիշատակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.