2009-02-16 13:42:47

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Յառաջիկայ Մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Երկիրը պիտի այցելէ։


Երկուշաբթի 16 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց

-Գերապայծառ Պրունօ Մուզարօ՝ առաքելական դեսպանը Փերուի մօտ

-Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ այցելութիւն։



Յառաջիկայ Մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Երկիրը պիտի այցելէ։ Իսրայէլի նախարարապետ Ոլմէրթ, մամուլին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց թէ Իսրայէլը կարեւոր այցելու պիտի ունենայ Մայիս ամսոյն մէջ, յանձին Պնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Արդարեւ Հռոմի Պապի 12-րդ այցելութիւնը Իտալիայէն դուրս տեղի պիտի ունենայ Ս. Երկիր մայիս 8-15։ Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար պիտի այցելէ Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինը։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս մզկիթ մը պիտի մտնէ Յորդանանի մզկիթը մայիս 9-ին, ապա Երուսաղէմի մէջ պիտի այցելէ Եատ Վաշեմ` մայիս 11-ին, եւ հանդիպում պիտի ունենայ Պաղեստինի իշխանութիւններու հետ մայիս 13-ին։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը որակեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ս. Երկիրը այցելելու կամքը, ոչ միայն արի որոշում մը այլեւ հրատապ եւ կարեւոր։ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Իսրայէլ այցելութիւնը, վերահաստատելու՝ երկխօսութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հրեայ աշխարհին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.