2009-02-16 13:40:14

Լուրեր հայ աշխարհէն

2009ին Արցախի Տագնապին Լուծումը Հաւանական ըստ Լենմարքըրի


ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի Հարաւային Կովկասի ու Լեռնային Ղարաբաղի հարցերու յատուկ պատուիրակ Կորան Լենմարքըր վերջերս յայտարարեց, թէ այս տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը հաւանական կը նկատէ, որովհետեւ նման համաձայնութիւն մը շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համար. անշուշտ եթէ կողմերը լուծումի մը համար քաղաքական բաւարար կամք ցուցաբերեն։

Ան եզրակացուց, թէ լուծումը կախեալ է հողային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն միջեւ միջին եզր մը գտնելէն։ Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահները տագնապին լուծում մը պիտի գտնեն։



Հայկական Ցեղասպանութեան Ականատեսի Մը Հատորը՝ Անգլերէնով

Յառաջիկայ Մարտ 31ին Knopf հրատարակչատունը պիտի հրապարակէ Հայկական Ցեղասպանութեան ականատես հայր Գրիգորիս Պալաքեանի վկայութեանց հատորը՝ ՜՜Հայկական Գողգոթան՝՝ որ անգլերէնի թարմանուած է Փիթր Պալաքեանի ու Արիս Սեւակի կողմէ։ Գրիգորիս Պալաքեան 1915ի Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականներէն մէկն էր, որ տեղահանութեան մասնակցելով՝ ականատես կըլլայ բարբարոսութեանց եւ հրաշքով փրկուելէ ետք, ան իր վկայութիւնները թուղթի կը յանձնէ։ Անոնց վրայ ան կաւելցնէ հայ, օտար եւ նոյնիսկ թուրք այլ ականատեսներու վկայութիւնները ու իբրեւ հատոր՝ զայն կը հրատարակէ 1922ին։ Վկայութեանց կողքին, Պալաքեան նաեւ կը վերլուծէ հայութիւնը բնաջնջելու թրքական ծրագրին ծալքերը։

Բանաստեղծ ու արձակագիր Փիթր Պալաքեան այս հատորը բախտով գտած է 1991ին, եւ այդ մասին գրած է իր յուշերը ամփոփող ՜՜Պլէք տակ աֆ ֆէյթ՝՝ հատորին մէջ։



Հայաստանի մէջ հայ աւետարանչական միութիւնը իր հիմնադրութեան 90ամեակին առիթով կը ծրագրէ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան նախակրթարանը ընդարձակել եւ վերածել միջնակարգ եւ երկրորդականի։

Վերջերս, Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութեան գործադիր վարիչ՝ Էնտրու Թորիկեան Հայաստան այցելած է եւ այդ առիթով հողատարածք մը գնած , որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել Երեւանի մէջ գտնուող Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան նախակրթարանը, զայն միջնակարգի ու երկրորդականի վերածելու նպատակով։ Սոյն նախակրթարանը վերջերս նկատուած է Հայաստանի լաւագոյնը։



Գէորգ Պետիկեանի Բարեւ Հալէպ գործը

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ մեկենասութեամբ Մարք Կրոկանի եւ Շաքէ Մանկասարեանի 2007-ին, լոյս տեսաւ Գէորգ Պետիկեանի Բարեւ Հալէպ խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 208 էջերէ եւ կընդգրկէ 25 պատմուածքներ, յուշեր եւ բանաստեղծութիւններ։Հրատարակութիւնը կը սկսի Բարեւ Հալէպ գրութեամբ, ուր հեղինակը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս քառասուն տարի բնակելէ ետք Քալիֆորնիոյ Կլէնտէյլ քաղաքը, Համազգայինի հրաւէրով կու գայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ ներկայ գտնուելու Գրադարանս խորագրեալ իր հատորի գինեձօնին։



՜՜Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ՝՝ հանրագիտարանը

Մայր աթոռ Ս Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը Հայ եկեղեցու հանրագիտարան շարքէն լոյս ընծայեց առաջին պրակը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներ հանրագիտարանը, նուիրուած՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսներուն՝ սկսեալ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետէն մինչեւ Գարեգին Բ։








All the contents on this site are copyrighted ©.