2009-02-15 13:53:03

Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նորընտիր պատրիարքին նամակը Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին։


Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նորընտիր պատրիարքին նամակը Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին։



Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նորընտիր Կիւրեղ պատրիարքը նամակ մը յղած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին որով շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն սիրալիր ու բարեմաթական խօսքերուն իր ընտրութեան առթիւ եւ իր գահակալութեան արարողութեան ուղարկած պատուիրակութեան համար, գլխաւորութեամբ կարտինալ Քասբերի` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահայանապետական խորհուրդին։ Իմ առաջին պարտանութիւնը պիտի ըլլայ, կը գրէ Կիւրեղ պատրիարքը, վկայել ու հաստատել Քրիստոսի Աւետարանի արժէքները ժամանակակից ընկերութեան մէջ։ Բոլորս կանչուած են նպաստելու երկխօսութեան ու համագործակցութեան, Ձեզի կ՛երաշխաւորեմ թէ Ռուսիոյ օրթոտոքս եկեղեցին անվերապահօրէն պիտի համագործակցի այդ ուղղութեամբ Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներու հետ։ Բնականաբար Հռոմի Եկեղեցին յատուկ տեղ կը գրաւէ երկխօսութեան ու համագործակցութեան գետնի վրայ եւ Ձեր Սրբութիւնը յատուկ ջանք կը թափէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ կատարեալ միութեան հասնելու։ Անկեղծօրէն կը յուսամ արդիւնաբեր զարգացումներ արձանագրել մեր երկու եկեղեցիներու միջեւ կ՛եզրափակէ Մուսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրաիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.