2009-02-14 11:53:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքը համերգին աւարտին, գործադրուած Պօղոս Զ անուան սրահը Վատիկանի պետութեան 80ամեակին առթիւ։


Վատիկանի հաստատման 80ամեակին առթիւ Իրլանտայի Եկեղեցին եւ պետական հեռուստատեսիլը վերակոչեցին վերոյիշեալ յոբելեանը համերգով մը որուն ընթացքին, լսելի եղան Հէնտէլի պատարագի կարգ մը կոտորները ։

Համերգին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց եւ ըսաւ ՜՜Երաժշտութիւնը կ՛օգնէ մարդը հասկնալու քրիստոնէական հաւատքի խորհուրդը։ Հետեւաբար երաժշտկութիւնը կարող է դառնալու՝ միջոց մը Քրիստոսը աւետելու եւ ճանչցնելու՝՝։ Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսելով վատիկանի 80-ամեակի մասին ըսաւ. ՜՜պատմական այս դէպքին համար նախ պէտք է գնահատել երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ քահայանաոպետին աշխատանքը, Վատիկանը այն փոքր հողաշերտն է որ կը գործէ, միացած պահելու՝ կաթողիկէ աշխարհը։ Մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի Տէրը հաստատակամօրէն առաջնորդէ իր Եկեղեցին ալեկոծ այս աշխարհին մէջ ու մօտէն հսկէ այդ փոքր պետութեան վրայ։ Թող Ս. Հոգւոյն զօրութիւնը հովուէ Ս. Պերոսի յաջորդը, որպէսզի հաւատարմութեամբ եւ ազդու կերպով կատարէ իր առաքելութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միութիւնը երաշխաւորելով, որու տեսանելի կեդրոնը կը գտնենք Վատիկան։

Յայտնենք թէ ներկայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը ՜՜Վատիկանի պետութեան հիմնարկութեան 80ամեակին առթիւ՝՝։ Այսօր շաբաթ 14 փետրուարին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց վերոյիշեալ գիտաժողովին մասնակցողները, այս գիտաժողովին նիւթն է. ՜՜Վատիկան փոքրիկ հողաշերտ մը մեծ առաքելութեան մը համար՝՝։ Վատիկանը ազատութեան վայր մըն է Հռոմի մէջ, աստուածապետութիւն մը չէ այլ աշխարհի մէկ անկիւնը որ ոչ մէկ գերիշխանութենէ գրաւուած է։ Վատիկանի հիմնարկութեան 80ամեակին առթիւ չորեքշաբթի փետրուար 11-ին նաեւ բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսի մը Ս. Պետրոս տաճարին կից, ուր կը ցուցադրուին Վատիկանի քարտեսները, պալատները ու հետաքրքրական իրեր՝ որոնք կը վերակոչեն վատիկանի 80 տարիները։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ 10 Մայիս:

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի հիմնադրամը՝ Սահելի ի նպաստ, 2008-ին ֆինանսաւորած է երեք միլիոն ամերիկեան տոլար արժող աւելի քան 200 ծրագիրներ։

Վատիկանի Մէկ Սիրտ կոչուած բարեսիրական մարմնի տարեկան տեղեկագիրը կը յայտնէ թէ վերոյշեալ հիմնադրամը 2008-ին՝ ֆինանսաւորած է երեք միլիոն ամերիկեան տոլար արժող աւելի քան 200 ծրագիրներ Սահելի 9 երկիրներուն։ Հիմնադրամը իր այս նախաձեռնութիւններով կ՛ուզէ պայքարիլ այդ շրջանի աղքատութեան ու երաշտի դէմ։ Հիմնադրամը փետրուար ամսոյն մէջ, Պուրքինա ֆքազոյի մէջ կը տօնէ իր հիմնարկութեան 25-ամեակը։

Հիմնադրամի օրինակելի նախաձեռնութիւնները ոչ միայն կը բարեփոխեն շատ մը գիւղերու կեանքի ընթացքը, այլ եւ կը սատարեն բնական հարստութիւններու պահպանումի եւ լաւ մատակարարումին, ու պայքար կը մղէ երաշտի եւ անապատի ծաւալման դէմ եւ կը զարգացնէ շինական կեանքը։

՝՝Սահելի ի նպաստ՝՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի հիմնադրամի ծրագիրները կը գործադրուին հետեւեալ վայրերը՝ Չատ, Պուրքինա ֆազօ, Նիճէր, Մալի, Մորիթանիա, Սենեկալ, Գինւէ-Պիսօ, Կամբիա եւ Կանաչ ափունքը։ ֆինասաւորումները յատկապէս կու գան գերմանացի եւ իտալացի կաթողիկէ հաւատացեալներու նուիրատուութիւններէն։

1984-ի 22 փետրուարին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ այդ հիմնադրամը, անոր կեդրոնը կը գտնուի Պուրքինա ֆազօ եւ մատակարարուած է Սահելի տեղական եկեղեցիներէն։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.