2009-02-14 11:54:10

Այսօր, փետրուար 14 Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը եւ նորապսակեալներու օրհնութեան օր'հռչակուած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-էն։


Այսօր, փետրուար 14 Հայ Առաքելական եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջի տօնը եւ նորապսակեալներու օրհնութեան օր'հռչակուած Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-էն։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կը կատարուի նորապսակեալներու օրհնութեան կարգը։

Հայ Առաքելական եկեղեցին, հաստատած կարգի համաձայն, ամէն տարի փետրուար 14-ին՝ Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդէն 40 օր ետք, մեծ հանդիսաւորութեամբ կը նշէ քառասուն օրուայ Փրկչին Երուսաղէմի տաճարին ընծայաբերելու տօնը՝ Տեառնընդառաջը։ Տեառնընդառաջ անունը կը բացատրուի Քրիստոսի կենսարութեան այն իրողութեամբ, որ հրէական օրէնքին համաձայն, Փրկիչին ծննդեան 40րդ օրը անոր ծնողները՝ Մարիամն ու Յովսէփը, իրենց որդին տաճար տարին։ Հոն անոր ընդառաջ եկաւ խոր ծերութեան հասած եւ Տիրոջ գալստեան սպասող Սիմոն Ծերունին։

Տեառնընդառաջ բառը հետեւաբար կը նշանակէ Տիրոջն ընդառաջ դուրս գալ։

Այս տօնը ժողովուրդի մէջ յայտնի է նաեւ Տերնդեզ, Տրնդեզ եւ այլ անուններով, որոնք Տերն ընդ ձեզ արտայայտութեան փոփոխուած տարբերակն են։

Տեառնընդառաջին նուիրուած ծիսական արարողութիւնները կը սկսին փետրուար 13-ին՝ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին։ Կը կատարուի նախատօնակ, երգելով Լոյս զուարթ երգը ։

Աւետարանի ընթերցումը նուիրուած է քառասուն օրը ամբողջացուցած՝ Փրկչի տաճար գալուն։ Այնուհետեւ կը կատարուի Անդաստանի արարողությունը, որը կը խորհրդանշէ ձմրան աւարտը եւ գարնան սկիզբը։ Հոգեւորականներն ու հաւատացեալները ժամերգութեան կը մասնակցին իրենց ձեռքերուն մէջ օրհնուած մոմեր պահելով։ Արարողակարգի աւարտին մարդիկ այդ մոմերը տուն կը տանին եւ անոնցմով կը լուսաւորեն իրենց օճախները։

Հնաւանդ սովորութեան համաձայն՝ եկեղեցիներու բակը կրակ կը վառուի։ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը բացատրէ ՜՜կրակ վառելու իմաստը՝՝ Ինչպէս Տիրոջ տաճար ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ ընդառաջելու, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք։ Հեթանոսները Աստուծոյ պատիւ կ'ընէին կրակ վառելով ու մատուցանելով, իսկ մենք կրակը, որպէս Քրիստոսի ծառայ, կը բերենք անոր ծառայեցնելու։

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրահագնով Տեառնընդառաջը հռչակուած է նաեւ նորապսակեալներու օրհնութեան օր։՜՜Մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ այս տօնին հետ կապեր է նորապսակ իր զաւակներու հաւաքական ուրախութիւնը տօնախմբելու արարողութիւնը, որպէսզի կեանքի իրենց առաջին քայլը նորապսակ հայորդիք կատարեն Տիրոջն ընդառաջ ելլելու հաւատքով, աստուածային պատուիրաններուն հաւատարիմ ապրելու պատրաստակամութեամբ, եւ խարոյկէն վառուած լոյսն իբրեւ աստուածորդիի յայտնութեան սիրոյ կրակ միշտ ջերմացնեն իրենց հոգիներն ու նորաշէն յարկերը՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.