2009-02-13 13:53:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ամերիկեան հրեայ մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով կրկին վերահաստատեց Եկեղեցւոյ հակառակութիւնը հակասեմականութեան եւ յայտնեց թէ կը պատրաստուի Իսրայէլ այցելելու։


Ամերիկայէն եկած՝ հրեայ կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւն մը ընդունելով հինգշաբթի 12 փետրուարին, Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ՝ Եկեղեցին ոյժգնօրէն կը դատապարտէ հակասեմականութեան բոլոր երեւոյթները եւ ամէն ջանք կը թափէ բարեկամական մշտական կապեր հաստատելու կաթողիկէներու եւ հրեաներու միջեւ։ Հրեայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ողջակիզումը եղաւ ոճիր մը Աստուծոյ եւ մարդկութեան դէմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յարելով թէ՝ այդ ողջակիզումին մերժումը կամ վերածումը անհադուրժելի եւ անընդունելի է։ Ապա նորին սրբութիւնը յայտնելով որ կը պատրաստուի Ս. Երկիրը այցելելու ըսաւ.՜՜ Այդ հողը նուիրական է թէ քրիստոնեաներու եւ թէ հրեաներու համար՝՝։ Ապա Նորին սրբութիւնը մատնանշեց որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը բարեկամական նոր էջ մը բացաւ Հրեայ ժողովուրդին հետ եւ յիշեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահայանապետին այցը Ս. Երկիր եւ աղօթքը ողբի պատին առջեւ ՜՜Աստուծմէ ներողութիւն խնդրելով անցեալի սխալներուն համար եւ խոստանալով ճշմարիտ եղբայրակցութիւն հաստատել Հին Կտակարանի ընտրեալ ժողովուրդին հետ՝՝։



Ուրբաթ փետրուար 13-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

- կարտինալ Ուլիամ Լեվատա` կառավարիչը հաւատոյ ժողովի,

- Կարտինալ Սդանիսլաս Ռիլքօ նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին,

-Կարտինալ Անճլելինի վաստակաւոր նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին,

- Նիճերիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.