2009-02-13 13:45:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հերթական 4-րդ համագումարը տեղի ունեցաւ երէկ՝ կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ։ Համագումարի ընթացքին առաջին ելոյթ ունեցողը եղաւ Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան, որ անդրադարձաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ միջազգային տնտեսական տագնապին։ Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի, այդ իրաւունքը կեանքի կոչած է Լեռնային Ղարաբաղը, եւ այդ իրաւունքի ճանաչումը այլընտրանք չունի։ Ս. Սարգսեան ըսաւ նաեւ, որ երկխօսութիւնը դրացի Թուրքիոյ հետ պիտի շարունակուի՝ սահմաններու ապաշրջափակման եւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման շուրջ։

Հայ - թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու լաւ կարելիութիւն կայ այսօր, եւ զայն պէտք է օգտագործենք, եւ այս հարցին մէջ վճռորոշը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին կարծիքը,(ընդծեց ան)։ Հանրապետութեան նախագահը նաեւ վստահեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կընեն, որպէսզի համաշխարհային տնտեսական տագնապի ազդեցութիւնը երկրին վրայ կարելի եղածին չափ թեթեւ ազդեցութիւն ունենայ։



Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան - Եւրոպական Միութիւն քաղաքական խորհրդակցութիւնները՝ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերու կոմիտէի երեակ-ի մակարդակով։

Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Վիգէն Չիտեչեան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը փոխանցէ, որ եւրոպական կողմը կարեւոր նկատած է ներ-քաղաքական իրավիճակի բարելաւման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռնարկած միջոցառումները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու աջակցութիւնը բարեփոխումներու իրականացման հարցին մէջ։ Մասնաւորապէս, յառաջիկային Հայաստան պիտի գործուղուի Եւրոպական Միութեան խորհրդատուներու խումբ մը, ինչպէս նաեւ պիտի կազմուի արդարադատութեան հարցերով համագործակցութեան ենթակոմիտէ։ Նշուած է նաեւ, որ յառաջիկային էականօրէն պիտի բարձրանայ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին տրուող տնտեսական աջակցութիւնը։



Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները հաստատեցին, որ մրցակից երկու գլխաւոր կուսակցութիւններէն ոչ մէկը կրնայ առանձնաբար կառավարութիւն մը կազմել։ Իսրայէլացի զինուորներու եւ արտասահմանի քաղաքացիներու քուէներու հաշուարկումէն ետք ի յայտ եկաւ, որ իշխող Քատիմա կուսակցութիւնը ապահոված է 28 աթոռներ , իսկ ընդդիմադիր Լիքուտ կուսակցութիւնը՝ 27։ Երկու կուսակցութիւններն ալ բաւական ետ կը մնան կառավարութիւն կազմելու համար 120 անդամներէ բաղկացած Քնեսեթին մէջ 61 աթոռ ունենալու նախապայմանէն։

ՆԻԿՈՍԻԱ- ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութեան հետ կատարուած հարցացրոյցի մը ընթացքին, Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս շեշտած, թէ Թուրքիա չի կրնար Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալ, մինչեւ այն ատեն, որ թրքական ուժերը կը գտնուին բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ։ Եւրոպական միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ բանակցութեանց կարգ մը թղթածրարներ սառեցուած կը մնան, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ Կիպրոսի պաշտօնական ճանաչում շնորհել եւ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները փակ կը պահէ կիպրական օդանաւերուն եւ նաւերուն առջեւ։ 1974ին հիւսիսային Կիպրոս ներխուժած թրքական ուժերը հոն հաստատուած ինքնակոչ պետութեան ապահովութիւնը կերաշխաւորեն, մինչ կղզին վերամիացնելու բանակցութիւնները կը շարունակուին Նիկոսիայի եւ կիպրացի թուրքերու ղեկավարութեան միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.