2009-02-12 14:05:07

Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեան ոչ եւս է


Երէկ չորեքշաբթի 11 փետրուարին` կէսօրուայ մօտ, սրտի խոր ցաւով կ՛իմանայինք տխուր լուրը Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանի յանկարծական մահուան, որ տեղի ունեցաւ Զմմառու վանքին մէջ, ուր կը մնար մօտ ինը տարիներէ ի վեր, հոգ տանելով վանքի շրջապատին եւ յաճախ պատարագելով նորընծաներուն։

Կենսագրական գիծեր

Հայր Յովհաննէս ծնած է Պէյրութ 14 Հոկտեմբեր 1939-ին։ Փոքր տարիքին` Զմմառու Նորընծայարանը յաճախած է, ուր` աւարտելէ ետք իր երկրորդական ուսումները, 1959-ին մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Վարժարան։ Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները ստացած է Հռոմի մէջ, Կրէկորեան եւ Սալեզեան համալսարաններէն ներս։ Քահանայ ձեռնադրուած է 25 Մարտ 1965-ին, ձեռամբ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճեանեանի։

Յովհաննէս վրդ. Օրջանեան պաշտօնավարած է հետեւեալ առաքելավայրերուն մէջ։

1965-1973 Պուրճ Համուտ, Մեսրոպեան վարժարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ժողովրդապետութիւն, ուր հիմնած Յիսուսի բարեկամներու Միութիւնը, որ կոչման աղբիւր եղած է շատերու համար։

1973-1977 Կարճ շրջան մը անցնելէ ետք Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, կ՛ըլլայ ժողովրդապետ Այնճարի։

1977-1979 Որոշ շրջան մը Հալէպ պաշտօնավարելէ ետք, կը մնայ Զմմառ, Լիբանանի պատերազմի տագնապալից օրերուն։

1979-1984 Դարձեալ կը կարգուի Այնճարի ժողովրդապետ։

1984-1990 կը գտնենք զինք Պուրճ Համուտ, ապա Զահլէ, վերջը` Գահիրէ երկու տարուած համար (1986-88) ուրկէ կը դառնայ Զմմառ, ուր կը մնայ մինչեւ 1990։

1990-2001, Այնճարի ժողովրդապետ կը հանդիսանայ, երրորդ անգամուայ համար։

2001-ին կը քաշուի Զմմառու վանքը, առողջական պատճառներու համար, ուր կը մնայ մինչեւ իր վախճանումը 2009-ին։

Հայր Յովհաննէսի աշխատասիրութիւններէն գլխաւորն է ամբողջական ցանկը Զմմառու միաբաններու, որ հրատարակուած է անոնց կենսագրականով ճոխացուած։

Յուղարկաւորութիւն

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 13 Փետրուար 2009ին Զմմառու Վանքի Եկեղեցւոյն մէջ, ուրկէ մարմինը պիտի փոխադրուի միաբանական դամբարանին մէջ։

Վատիկանի Ռատիօկայանին հայկական բաժնի վարչութիւնը իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Օրջանեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն, խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ որ ընդունի վախճանեալ Հայր Սուրբը իր լուսաւէտ օթեւաններուն մէջ եւ Բարերար Սուրբ Հոգիէն` որ մխիթարութիւն պարգեւէ իր միաբանակիցներուն եւ իր հարազատներուն։

Հանգիստ յաւիտենական պարգեւեա նմա Տէրն մեր Յիսուս-Քրիստոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.