2009-02-12 14:18:56

Լուրեր հայ աշխարհէն



Հայաստան - Գրական Մրցոյթ


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի կողմէ 15 Փետրուարէն 1 Յունիս 2009 , պիտի կազմակերպուի գրական ստեղծագործութիւններու միջազգային մրցոյթ մը ՜՜ Իմ հեռու, իմ մօտիկ, իմ սուրբ Հայաստան՝՝ խորագիրով, որուն կրնան մասնակցիլ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ուսանողներ եւ դպրոցներու բարձր դասարանի աշակերտներ։

Մասնակիցները պիտի ներկայանան մէկ ստեղծագործութեամբ՝ շարադրութիւն, բանաստեղծութիւն, պատմուածք, ակնարկ եւ հրապարակախօսութիւն ։

Մրցոյթին նպատակն է Հայաստանի, Արցախի ու հայկական գաղթօճախներու ուսանողներն ու աշակերտները հաղորդակից դարձնել հայ ժողովուրդի պատմական անցեալին, ինչպէս նաեւ ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, խորացնել ազգային միասնութիւնը՝ խթանելով հայապահպանման գործը եւ հայկական մշակոյթի զարգացումը։ Մրցոյթը նաեւ լաւ միջոց է Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուն աւելի գործածելի եւ հայոց պատմութիւնը աւելի ճանաչելի դարձնելու համար։

Մասնակիցներու գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն Գրութեան ծաւալը պէտք չէ անցնի համակարգչային 4 էջը ու մինչեւ Յունիս 1, անոնք վերջնականապէս պէտք է ներկայացուած ըլլան ։

Պարգեւատրումները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբերին. որպէս նուէր անոնց պիտի տրուի ՜՜համակարգիչ եւ արժէքաւոր նուէրներ ու պատուոյ գիրեր։



Միացեալ Նահանգներ

՜՜Տը Մորկընթաու սթորի՝՝՝ շարժապատկերի ցուցադրութիւն- Լոս Անճելըս

Յովնան արք Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին եւ Արարատ տան Էսքիճեան թանգարանին կազմակերպութեամբ, առաջնորդարանի Գալայճեան սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Աբօ Թորոսեանի պատրաստած Տը Մորկընթաու սթորի շարժապատկերը։

Թանգարանի անունով բացման խօսքը կատարեց Մարթին Էսքիճեան, ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Աբօ Թորոսեանի իրագործումները։ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ Յովհաննէս Աւետիքեան մանրամասնութեամբ ներկայացուց Թորոսեանի կեանքը եւ կատարած գործերը։ Իր կարգին, Թորոսեան անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան երկրորդ տարելիցին եւ խօսեցաւ Տինքի սկզբունքներուն մասին, որոնք ծնունդ կառնէին ժողովուրդէն։ Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ 1913-1916 Պոլսոյ մէջ ծառայած Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի մասին։ Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժինով Յովնան արք Տէրտէրեան խօսք առնելով՝ շնորհաւորեց Աբօ Թորոսեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր նուիրուած էր մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած անարդարութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.