2009-02-10 14:30:17

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ամեն Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կը Պարգեւատրէ ԺոզէՖ Ապպուտ Պօղոսը


31 Յունուար 2009ին, Պէյրութի Ֆէնիսիա պանդոկի մէջ, Տանն Կիլիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պերտոս ԺԹ ԿաթողիկոսՊատրիարքը պարգեւատրեց պրն ԺոզէՖ Ապպուտ Պօղոսը Մեծն Գրիգոր Քահանայապետի Ասպետի կարգի շքանշանով, անոր բարեսիրական գործերուն, հաւատարմութեան եւ նուիրումին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայքին։ Ամեն Հոգեւոր Տէրը մաղթեց որ ներկայ Քրիստոնեայ ժողովուրդին մէջ եւս աւելի շատանան այսպիսի նուիրեալ անհատներ յանուն մարդկութեան, ընկերութեան եւ Հայրենիքի ծառայութեան։

Ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ Մարտին 1915 նորատիպ գիրքը պատմաբան Իվ Թրէնոնի։ Հատորը վերլուծական ուսումնասիրութիւն մըն է եւ կանդրանդառնայ 1915 ի հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Գիրքը կը պարունակէ պատմական եւ քաղաքական վերլուծումներ համաշխարհային պատերազմի սեմին, Տիարպէքիրի պատմական տուեալներու եւ հալածանքներու մասին եւ մասնաւորաբար Մարտինի հայոց ջարդին մասին որուն հիմնական դէմքերէն է Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը։ Գիրքը կընդգրկէ նաեւ վկայութիւններ այս պատմական տխուր եւ աղէտալի դէպքերուն շուրջ։



Արամ Ա.ի ընդունած է Ասորի կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդը

Արամ Ա կաթողիկոս 7 փետրուարին, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորի կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Մելքի արքեպիսկոպոսը։

Պատրիարքական փոխանորդը եկած էր վեհափառին հաղորդելու Ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդոսի վերջին ժողովին ընթացքին կատարուած ընտրութեան արդիւնքը, որ նոր պատրիարքով մը կօժտէր սոյն եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռը։ Մելքի արքեպիսկոպոս յատուկ հրաւէր ուղղելով Արամ Ա կաթողիկոսին յայտնեց պատրիարքութեան փափաքը, որպէսզի վեհափառը անձամբ ներկայ գտնուի նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան եկեղեցական արարողութեան։

Հանդիպումի ընթացքին Արամ Ա խօսեցաւ իր Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան մասին։ Անդրադառնալով անոր մանրամասնութեանց՝ Մելքի արքեպիսկոպոս խօսեցաւ այն դրական արձագանգներուն մասին, որոնք տեղ գտած էին միջազգային ու յատկապէս կաթողիկէ մամուլին մէջ։ Ան ըսաւ, թէ Նահատակաց միջազգային համաքրիստոնէական օրուան մը հաստատումին համար վեհափառին կատարած առաջարկը Պենետիկտոս ԺԶ պապին, ինչպէս նաեւ Ս Զատկուան համար միացեալ թուական մը ունենալու կարեւոր պարագան քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրած էին իրենց վրայ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.