2009-02-09 13:13:34

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ յոբելենական համերգ


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքին, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ սոյն եկեղեցւոյ կառուցման ոսկեայ յոբելեանին առիթով, Կիրակի 8 փետրուար 2009-ին, տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ՝ կատարողութեամբ Կռունկ երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ Եդուարդ Թորիկեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի։

Կռունկ երգչախումբը հիմնուած է 1992-ին՝ նախաձեռնութեամբ Ամեն.Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ պատրիարքին։ 1997-1999 թուականներուն Արհի.Մանուէլ եպս. Պաթաքեան վերահսկած է երգչախումբի գործունէութեան, իսկ 2000-էն ի վեր Ամեն եւ Գերջ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը սկսած է հովանաւորել երգչախումբի գործունէութիւնը։ Առաջին օրէն երգչախումբի հոգեւոր վարիչը եղած է գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, իսկ գեղարուեստական ղեկավարը եւ խմբավարը՝ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան։ Սոյն երգչախումբին նպատակն է ծառայել եկեղեցւոյ, հայ ազգին եւ Լիբանանին՝ բարձրորակ երգեցողութեամբ։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով կատարուած Կռունկ երգչախումբի կողմէ ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Եղիա վրդ Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն որոնք ընդառաջելով հրաւէրին եկած էին միասնաբար նշելու եկեղեցւոյ 50-ամեակը։ Գերապատիւ վարդապետը նկատել տուաւ, որ ինչպէս հիմնադիրները եկեղեցին պահպանած եւ յանձնած են իրենց յաջորդներուն, իրենք ալ իրենց կարգին եկեղեցին պիտի յանձնեն յաջորդ սերունդներուն։ Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Կռունկ երգչախումբի բոլոր անդամներուն նշելով՝ անոնց եկեղեցւոյ 50-ամեակի տօնակատարութեան տուած յաւելեալ փայլքը։

Այնուհետեւ Կռունկ երգչախումբը իր 28 անդամներով կատարեց Հայերէն, Արաբերէն, Անգլերէն, ֆրանսերէն, Ռուսերէն, Ուքրաներէն եւ Սպաներէն երգերու փունջ մը՝ երկու բաժիններով՝ արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին։

Աւարտին Ամեն Հոգեւոր Տէրը բեմ հրաւիրուեցաւ եւ երգչախումբի անդամներուն ու ղեկավարին յանձնեց յուշատախտակներ։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ Պահպանիչով։





՜՜Վանական Արձագանգներ՝՝ հատորը Հայր Գէորգ ԹԾՎ Եղիայեանի

2008-ի Նոյեմբերին լոյս տեսած է, Հ. Գէորգ ԹԾՎ Եղիայեանի Վանական Արձագանգներ անունով հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով հատորները։ Այս հատորները, որ Զմմառու Միաբանութեան նախկին Մեծաւորը կը ձօնէ Զմմառու Միաբանութեան ժառանգաւորներուն եւ իր գործակիցներուն, կանդրադառնայ 2001-էն 2007 տարիներու ընթացքին իր ծառայութեան, գործունէութեան եւ աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.