2009-02-08 13:51:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։



Կիրակի, փետրուար 8, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալի օրինակին հետեւելով, կանչուած ենք ի գին ամէն բանի ճանչցնել մեր հաւատքը բոլորին։ Աւետարանին զօրութիւնը որ կու գայ Յարուցեալէն, կը կանչէ մեզ ուղամտութեամբ ու վեհանձնութեանմբ ճանչցնելու Հօր Աստուծոյ գթութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկանմերուն յիշեցուց էգ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրը, փետրուար 11, Եկեղեցին կը յիշատակէ Լուրտի Տիրամօր տօնը որ միաժամանակ հիւնադին օրն է։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը գոհութիւն բարձրացուց առ Աստուած, անցեալ սեպտեմբներին կատարած առաքելական այցելութեան համար Փարիզ եւ Լուրտի մարեմեան ուխտավայրը։ Թող Տէրը, Լուրտի Տիրամօր բարեխօսութեամբ օրհնէ ֆրանսան ու ֆրանսայի Եկեղեցին որ իր հաւատքի վկայութիւնը կու տայ հաւատքով ու քաջութեամբ։

իսկ Մարեմեան Հրտեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք, Սրբազան հայրը յայտնեց թէ հիւանդին օրը ս. Պետրոս տաճարին մէջ պիտի ընդունի հիւանդները եւ ուխտաւորները։ Նախապէս կարտինալ Պառական ` նախագահը առողջապահութեան քահայանապետկան խորհուրդին հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ միշտ ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Այժէն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով իմ օրհնութիւնը կու տամ աշխարհի բոլոր հիւանդներուն, եւ անոնցմով զբաղոներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.