2009-02-08 13:56:50

Ոչ եւս է հայ ժողովուրդի մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ Ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեան


Ոչ եւս է հայ ժողովուրդի մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ Ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեան

2009 1952ի՝ Փետրուար 4ին, Երեւանի մէջ, կը մահանար հայ ժողովուրդի մեծ պատմաբան, բանասէր եւ աղբիւրագէտ զաւակը՝ Ակադեմիկոս փրոֆ. Յակոբ Համազասպի Մանանդեան։

Ան Ջաւախեցի էր. ծնած էր Ախալցխա, 10 Նոյեմբեր 1873ին։ Ուսման ծարաւը եւ պատմաբանասիրական գիտութիւններու բնատուր ընդունակութիւնը մղեցին Թիֆլիսի Գիմնազիան աւարտած հայ պատանիին՝որ բարձրագոյն ուսման հետեւի Ենայի, Լայփցիկի, Սթրազպուրկի եւ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Ան մասնագիտացաւ պատմագիտութեան, փիլիսոփայութեան եւ իրաւագիտութեան, ինչպէս նաեւ յունարէնի մէջ՝ արժանանալով յատուկ գնահատականի յիշատակութեամբ վկայականներու։ Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումն ու ատենի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հիմնադրութիւնը, Յակոբ Մանանդեան արդէն ճանաչում գտած պատմաբան ու սերունդ հասցուցած դասախօս էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ։ Երեւանի Պետական Համալսարանի կազմաւորման մեծ գործին առաջին ընդառաջողներէն ու մասնակիցներէն եղաւ Յ. Մանանդեան եւ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ համալսարանի ակադեմական հիմերու հաստատման ու գիտական աւանդներու ծլարձակման մէջ։ Գիտնական մարդու իր աշխատութիւնն ու մտաւորականի բարձր արժանիքները բաւարար եղան, որպէսզի Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եւս Մանանդեան կարենայ անխափան շարունակել սերունդ պատրաստելու եւ հայոց գիտական պատմաբանասիրութիւնը հարստացնելու իր աշխատանքը։ 1931ին Մանանդեան հրաժեշտ տուաւ դասախօսական ասպարէզին եւ իր լրիւ ժամանակն ու եռանդը նուիրեց գիտահետազօտական աշխատանքի։ Յակոբ Մանանդեանի պատմագիտական, բանասիրական եւ աղբիւրագիտական հարուստ ժառանգութեան կոթողական գործերը կը հանդիսանան ՝՝Տիգրան Բ. եւ Հռոմը՝՝, ՝՝Քննական տեսութիւն հայ ժողովրդի պատմութեան՝՝, ՝՝Ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում՝՝ եւ ՝՝Հայաստանի գլխաւոր ճանապարհները՝՝։ Մեծ ակադեմականը հանդիսացաւ ռահվիրան հայ ժողովուրդի պատմութեան վիճայարոյց ծալքերն ու խնդիրները քննական եւ գիտական վերծանումի ու գիտահետազօտման արժանացնելու՝ մեծ գործին։ Իբրեւ այդպիսին՝ պատմագիտական իր որոշ մեկնաբանութիւններուն տարակարծիք գտնուողներն անգամ յարգանքով կը խոնարհին Յակոբ Մանանդեանի գիտական մօտեցումին եւ ակադեմական մշակումներուն առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.