2009-02-07 13:07:44

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի միջամտութիւնը, Մատրիտի մէջ, մարդու իրաւունքները նիւթին մասին,ՄԱԿի մարդու տիեզերական իրաւունքի յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձին առթիւ։


Մատրիտ - Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կեդրոնի մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ դասախօսութիւն մը տուաւ ՜՜ մարդու իրաւունքները՝՝ նիւթին մասին,ՄԱԿի մարդու տիեզերական իրաւունքի յայտարարութեան 60-րդ տարեդարձին առթիւ։ Մարդու Իրաւունքներու տիեզերական յայտարարութիւնը ստորագրուեցաւ 10 դեկտեմբեր 1948ին ՄԱԿի կեդրոնը։ Միջամտութեան նիւթն է ՜՜ մարդու իրաւունքները Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետի ուսուցման մէջ՝՝։ Վատիկանի պետական Քարտուղարը ընդգծեց թէ ՜՜մարդու իրաւունքերու յայտարարութիւնը՝՝ պտուղն է արեւմտեան եւրոպայի մշակոյթին, որ անտարակոյս քրիստոնէական հաստատ դրոշմ ունի։ Այդ իրաւունքները կը հիմնուին համակեցութեան, հրէական ժառանգութեան վրայ, որ ունի սկզբունք, թէ՝ մարդկային էակը Աստուծոյ պատկերն է։

Ապա Պետական Քարտուղարը յայտարարեց ըսելով՜՜ այսօր ականատես ենք մարդու տիեզերական իրաւունքու վերատեսութեան, որպէս անմիջական հետեւանք ներկայ յարաբերականութեան գաղափարին։ Այս իրաւունքները մշտատեւ դիւարբեկ են եւ կը դառնան նուազ տիեզերական ու նուազ անձեռնմխելի։ Սակայն, ինչպէս կը հաստատէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, մարդու իրաւունքները, եւ անոնցմէ առաջինը` ՜՜կեանքի իրաւունքը՝՝ արձանագրուած է մարդու էութեան մէջ եւ որպէս հետեւանք` այդ իրաւունքը հետեւաբար կը պատկանի մարդկային ազգին, իր յղացումէն մինչեւ բնական մահը։ Այդ իրաւունքը կախում չունի մեծամասնութեան որոշումէն, մշակոյթէն եւ անհատին առողջական վիճակէն։ Բոլորի իրաւունքներուն յարգանքով, ընդգծեց կարտինալ Պերթոնէ, կը հիմնուի ազատութիւնը եւ արդարութիւնը աշխարհի վրայ։ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը խօսեցաւ նաեւ՝ ընտանիքի հաստատութեան պաշտպանութեան, կրօնուսուցումի իրաւունքին պետական դպրոցներու մէջ, կրօնքի տեղը ընկերութեան ու մշակոյթի մէջ նիւթերու մասին։ Հուսկ պետական քարտուղարը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց ըսելով. ՜՜ եկեղեցին առանձնաշնորհումներ չուզեր, այլ կը պահանջէ կրօնքի ազատութեան յարգանքը եւ կոչ կ՛ընէ զօրավիգ ներգործութեան մը ի խնդիր բոլոր այն այրերուն, կիներուն եւ մանուկներուն որոնք զրկուած են հիմնական իրաւունքններէն որովհետեւ հեռու պահուած են հողի բարիքներէն՝՝։

Յայտնենք թէ Սպանիոյ արտգործ նախարարը Միկէլ Մորաթինոս, դիտել տուած է թէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարի այցելութիւնը Մատրիտ փետրուար 4-5, ի յայտ կը բերէ Մատրիտի ու Վատիկանի միջեւ գոյացող առաձնաշնորհեալ կապը արտաքին քաղաքականութեան բազմաթիւ հարցերու շուրջ եւ որու հիման վրայ կարելի է միասնաբար գործել։








All the contents on this site are copyrighted ©.