2009-02-07 13:11:54

Ծիսական ժամանակացոյց, շաբաթ փետրուար 7, հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր զաւակին Մարտիրոսի եւ 14 զինւորներու տօնը։


Ծիսական ժամանակացոյց, շաբաթ փետրուար 7, հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Սարգիս զօրավարի, անոր զաւակին Մարտիրոսի եւ 14 զինւորներու տօնը։



Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը կը զուգադիպի Վարդանանցէն 12 օր առաջ։

Սուրբ Սարգիս զօրավարը Կապաթովկիոյ Գամիրք գաւառէն էր, քաջ եւ առաքինի զինւորական մը, որ զօրապետի աստիճանի հասաւ։ Համարձակութեամբ կը քարոզէր Աւետարանը եւ կը կործանէր բագիները։ Երբ Յուլիանոս կայսրը որ քրիստոնէութիւնը ուրացած էր, գահ բարձրացաւ, Սարգիս իր որդիին Մարտիրոսի հետ Հայաստան ապաստանեցաւ, Տիրան թագաւորին մօտ, եւ ժամանակ մը հոն մնալէ ետք անցաւ Պարսկաստան, Պարսից Շապուհ թագաւորին մօտ` ծառայելով զինուորական ասպարէզին մէջ։ Մեծ եղաւ իր որդիին` Մարտիրոսին ազդեցութիւնը իր հսկողութեան ներքեւ գտնուող պարսիկ զօրքին վրայ. անոնց մէջէն քրիստոնէութեան դարձողներ եղան։ Այս պարագան հեզհետէ ուշագրաւ դառնալով, Սարգիս եւ իր զաւակը արքայական հրաւէր ստացան զոհ մատուցանելու արքունի մեհեանին մէջ։ Սակայն Ս. Սարգիս նոյնիսկ քաջութիւնը ունեցաւ անարգելու կուռքերը։ Առ ի հետեւանք իրենց յանդուգն կեցուածքին` զօրավարն ու իր որդին մահուան դատապարտուեցան։

Իր պարսիկ զինւորներէն 14 հոգի՝ որոնք մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացած էիր իրեն, առին Սարգիսի մարմինը եւ մաքուր զգեստներրով պատեցին։ Բայց թագաւորին հրամանով իրենք եւս գլխատուեցան ու իրենց նահատակութիւնը եւս կը յիշատակուի Ս. Սարգիսի եւ անոր Մարտիրոս զաւակին հետ, ամէն տարի։

Յայտնենք թէ Ս. Սարգիսի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծիսակատարութեամբ, այլ եւ ժողովրդական սովորութիւններով։

Ս. Սարգիս զօրավարը Երիտասարդներու արգահաս բարեխօսն է եւ սիրոյ երազանքը իրականացող՝ սուրբ մը։ Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիս պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ տանիքին վրայ դրուած ալիւրի մէջ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, որպէսզի այդ տարի իրականանայ հաւատացեալի երազանքը։

Աղօթք Ս. Սարգիսին – Բարձրեալէն գերագոյն պատիւ ստացար Քրիստոսի քով բարեխօսելու համար եւ դարձար մեր խնդրանքները կատարող, աղօթքները լսող, սատանաները հալածող, ով արագահաս սուրբդ՝ Սարգիս։

Ցաւերով լեցուն մարդկային կեանքին զօրեղ բժիշկ արտասուքը սրբոյ, նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը դիւրութեամբ մեղմացող, գերիները ազատող, ով արագահաս սուրբդ Սարգիս։

Դուն որ ամէն տեղ կը յիշուիս ու կը փառաբանուիս, որովհետեւ գեղեցիկ եւ բարի անուն ես, հաւատացեալներուն շուրթերուն համար քաղցրահամ պտուղ։

Գիշեր ու ցերեկ յոյսով քեզ կը կանչենք, ով արագահաս սուրբդ Սարգիս, բարեխօս եղիր Քրիստոսի քով մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.