2009-02-07 11:53:10

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերի պաշտօնատար Տիրան Բալայեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին յայտնած է, որ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած 45-րդ միջազգային խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ՝ Միւնիխ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հանդիպումը Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Ալի Պապաճանի հետ։ Նալբանդեան - Պապաճան յառաջիկայ հանդիպումը իր տեսակին մէջ երկրորդը պիտի ըլլայ այս տարուան ընթացքին։ Առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Տաւոսի մէջ՝ Համաշխարհային Տնտեսական ֆօրումի ծիրէն ներս։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հրայր Կարապետեան Ազգային ժողովին մէջ դատապարտելով փոխոստիկանապետ Գէորգ Մհերեանի սպանութիւնը, ըսած է, որ անհրաժեշտ է խորհրդարանին մէջ լսել Հայաստանի ընդհանուր դատախազի եւ բարձրաստիճան այլ իրաւապահներու բացատրութիւնները՝ չբացայայտուած շարք մը սպանութիւններու առնչութեամբ։

Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Անգարայի պետական աւագ դատախազներու գրասենեակը իսրայէլացի պաշտօնատարներու, ներառեալ՝ Իսրայէլի նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին դէմ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու ամբաստանութեամբ դատական հետաքննութեան մը ձեռնարկած են։Հետաքննութիւնը բացուած է հիմնուելով թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 13 յօդուածին վրայ։ Ըստ յօդուածին, ՝՝թրքական դատարաններ կրնան դատել անոնք, որոնք ամբաստանուած են ցեղասպանութիւն եւ չարչարանք գործելու յանցանքներով, նոյնիսկ եթէ այդ յանցանքները այլ երկրի մը մէջ գործուած են՝՝։

Խըրխըզիստան երէկ յայտնեց, որ իր հողամասերուն վրայ գտնուող ամերիկեան օդուժի զօրակայանը փակելու որոշումը վերջնական է, այսպէս հարուած մը հասցնելով Աֆղանիստանի մէջ ճակատող ամերիկեան ուժերու գլխաւոր կեդրոններէն մէկը պահելու ջանքերուն։Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ կը շարունակեն ՝՝Մանաս՝՝ զօրակայանը պահելու համար բանակցութիւններ վարել նախկին խորհրդային աղքատ եւ աւանդաբար Ռուսիոյ դաշնակից հանրապետութեան հետ։ Խըրխըզիստանի կեցուածքը լուրջ մարտահրաւէր մըն է Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Պարաք Օպամային, որ կը ծրագրէ դէպի Աֆղանիստան ամերիկեան յաւելեալ ուժեր ուղարկել։Խըրխըզիստանի նախագահ Քուրմանպեք Պաքիեւ ամերիկեան զօրակայանին փակումը յայտարարեց Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին, Ռուսիայէն աւելի քան 2 միլիառ տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն եւ վարկ ապահովելէ ետք։

Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն հազիւ մի քանի օր առաջ հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ առաջին դիրքը գրաւող Պենիամին Նեթանիահուի եւ իր գլխաւոր մրցակից Ցիփի Լիվնիի միջեւ պայքարը սուր պիտի ըլլայ։

Հարցախոյզներէն մէկը ցոյց տուաւ, որ Նեթանիահուի աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութիւնը 120 անդամներէ բաղկացած իսրայէլեան Քնեսեթին մէջ պիտի ապահովէ 25 աթոռ, իսկ Լիվնիի կեդրոնի Քատիմա կուսակցութիւնը՝ 23։Հարցախոյզը նաեւ ցոյց կու տայ, որ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի ղեկավարած Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կորսնցուցած է երրորդ դիրքը, ի նպաստ ծայրայեղական դիրքորոշման տէր Աւիկտոր Լիպըրմանի եւ անոր ղեկավարած Եիսրայէլ Պէյթինու (Իսրայէլը մեր տունն է) կուսակցութեան։ Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, 10 փետրուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.