2009-02-06 14:22:05

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն

- Ղպտիներու օրթոտոքս պատրիարքը Միացեալ Նահանգները կը գտնուի առողջապահական քննութիւններու համար։


Ղպտիներու օրթոտոքս Պատրիարքը` Շանուտա Գ. Պատրիարքը ԱՄՆի Օհիօ նահանգը կը գտնուի բժշկական քննութեան համար։ 85ամեայ ծերունազարդ պատրիարքը ամերիկա կեցութեան ընթացքին նաեւ պիտի օծէ նոր եկեղեցիներ։ Յայտնենք թէ Ղպտիները Միջին Արեւելքի մեծագոյն քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը ներկայացնեն։

- Թուրքիոյ մոլեռանդ մահմետականները կը սպառնան գրաւել Գաբրիէլ հրեշտակապետի նուիրուած ասորի օրթոտքսներու մենաստանը ամբաստանելով կրօնաւորները մարդորսորդութեան յանձանքով։

Եւրոպա ապրող ասորի օրթոտոքսները տեղաշարժի մէջ են դիմագրաւելու մոլեռանդ մահմետականներու սպառնալիքը ասորի օրթոտոքսներու պատկանող Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետի նուիրուած մենաստանի դէմ։ Վանատունը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը, կառուցուած է 397 թուին եւ եղած` հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնը ասորի օրթոտոքսներուն։ Ներկայիս մենաստանին մէջ կ՛ապրին գերապայծառ Աքդաս, 3 վանականներ, 14 կրօնաւորուհիներ եւ 35 գիշերօդիկ աշակերտներ։

Մենաստանը Զ. դարուն ունեցած է իր ոսկեդարը։ Անոր մէջ կ՛ապրէին հազար վանականներ։ Տուած է չորս կաթողիկոսներ եւ 85 եպիսկոպոսներ։ 1915ին ասորիներու ջարդին, քիւրտերը սպաննեցին այնտեղ բնակող բոլոր վանականները եւ չորս տարի գրաւեցին մենաստանը։ Ամէն տարի աւելի քան 10.000 ուխտաւոր-զբօսաշրջիկ կ՛այցելեն մենաստանը եկած մասնաւորապէս Գերմանիայէն, ֆրանսայէն եւ Շուետէն։ Յայտնենք թէ 1960ին շուրջ 30 հազար ասորիներ ապրած են մենաստանի շրջակայքը` Մարտինի մէջ որ սահմանակից է Սուրիոյ։ Ներկայիս քրիստոնեայ բնակիչներու թիւը կը հասնի երեք հազարի։ Անոնք կը յուսան որ եւրոպական հասարակութիւնը իրենց օգնութեան հասնի ճնշում բանեցնելով թուրք կառավարութեան վրայ։ Անցեալ օգոստոսին շրջակայքը գտնուող մահմետական երեք գիւղերը ամբաստանեցին վանքը ըսելով որ ՜՜ քրիստոնեաները մարդորսորդութիւն կը կատարեն՝՝։ Անոնք նաեւ կը համարին թէ մենաստանը կառուցուած է մզկիթի մը հողին վրայ, մոռնալով թէ մահմետականութիւնը երկու դար ետք ծագում առաւ։ Մահմետականներու անհանրժող կեցուածքին հետեւանքով վանականները եւ կրօնաւորուհիները չեն յանդգնիր վանքէն դուրս գալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.