2009-02-05 12:36:49

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստը տեղի ունեցած է երէկ, Մոսկուայի մէջ։ Նիստը վարած է կազմակերպութեան նախագահող երկրին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ըստ դեկտեմբերին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ոչ պաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութեան), պետութիւններու ղեկավարները Մոսկուայի նիստին ընթացքին քննարկած եւ ստորագրած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագօրէն հաւաքական ուժեր ստեղծելու վերաբերեալ որոշումը։ Ներկայացնելով տրուած որոշումը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան զայն բնութագրած է իբրեւ կարեւոր քայլ՝ ուղղուած կազմակերպութեան զինուորական բաղադրիչի ուժեղացման։

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի ընթացքին Նիքոլայ Պորտիւժա վերընտրուած է որպէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար։



Իրան Տեղական Արտադրութեամբ իր Առաջին Արբանեակը Անջրպետ Արձակեց։

Իրան երէկ պնդեց, որ տեղական արտադրութեամբ իր արբանեակը, հակառակ արեւմտեան խոր մտավախութեանց, զինուորական նպատակներ չի հետապնդեր։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հասան Քաշքաուի լրագրողներուն փոխանցեց, որ ասիկա գիտական ու թեքնիք ձեռքբերում մըն է եւ զինուորական նպատակներ չունի։ Ան ըսաւ, թէ Իրան կը յարգէ ապազինեալ անջրպետի մը վերաբերեալ միջազգային օրէնքները։ Իրան տեղական արտադրութեամբ իր առաջին արբանեակը դարձեալ տեղական արտադրութեամբ հրթիռի մը ճամբով ծիրի մէջ դրաւ, քայլ մը, որ անպայման ահազանգ պիտի հնչեցնէ միջազգային համայնքին մօտ։ Արբանեակի արձակումը կը զուադիպի իսլամական յեղափոխութեան 30-րդ տարեդարձին։ Օմիտ (յոյս) ասիկա է արձակուած արբանեակին անունը ։ Ասիկա Իրանի ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձակուած առաջին արբանեակն է եւ զայն անջրպետ փոխադրած է Սաֆիր-2 Իրանեան հրթիռը։



3Փետրուարի երեկոյեան, իր տան մուտքը սպաննուած գտնուած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետի տեղակալ Գնդապետ Գէորգ Մհերեանը։ Ան փոխ ոստիկանապետ նշանակուած է 2008ի Յուլիսին ,մինչ այդ կը վարէր Հայաստանի նախագահի իրաւական հարցերով օգնականի պաշտօնը։ Մհերեան մահացած է գլուխէն ստացած հրազինային հարուածներէ։



ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը եւ ՀՀ-ի մէջ

Չեխիոյ դեսպանը քննարկած են երկու երկիրներու

միջեւ ռազմական եւ ռազմաքաղաքական

համագործակցութեան հարցեր։ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Չեխիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իւան Եսթրապին եւ ռազմական կցորդ Իւան Թրնքային։ ՊՆ. մամուլի քարտուղար, Գնդապետ Ս. Շահսուվարեանը յատնած որ Սէյրան Օհանեան նախ ողջունած է հիւրերը եւ ապա նշած երկու երկիրներու միջեւ սկզբնաւորման փուլի մէջ գտնուող ռազմական եւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան զարգացման մեծ հեռանկարը, որու վկայութիւնն է նաեւ ՀՀ-ի մէջ առաջին անգամ Չեխիոյ ռազմական կցորդ Իւան Թրնքայի նշանակումը։ Իսկ ՀՀ. տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանը Յունուար 26-է Փետրուար 1-ը Զուիցերիա կատարած այցի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին տնտեսական կապերը խորացնելու նպատակով շարք մը հանդիպումներ ունեցած է այլ երկիրներու իր գործընկերներու հետ քննարկելով միաժամանակ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Հանդիպումներու ընթացքին Ներսէս Երիցեանը հրաւիրած է իր գործընկերները, որպէսզի տեղական գործարարներու հետ այցելեն Հայաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.