2009-02-04 12:55:26

 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 4 փետրուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։ Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի նահատակութեան վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալի նահատակութեան առաջին վկայութիւնը կը գտնենք Հռոմի Քահայանապետ Կղեմէսի նամակին մէջ, ուղղուած Կորնթիայի Եկեղեցւոյ, 90 թուին։ Անոր նահատակութիւնը մեզի կը պատմուի առաջին անգամ ՜՜Գործ Առաքեալներու՝՝ մէջ, գրուած երկրորդ դարու աւարտին, եւ կը մէջբերէ թէ Ներոն կայսրը զինք գլխատութեան դատապարտած է, եւ ատիկա, անմիջապէս գործադրուեցաւ 64-68 տարիներուն։ Այլ վկայութիւն մը կը պատմէ թէ անոր նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ Լաուրենդինայի ճամբու վրայ, Tre fontane` երեք աղբիւրներ կոչուած վայրը։ Հնագոյն վկայութեան համաձայն Պօղոս առաքեալի գերեզմանը կը գտնուի Via Ostiense Օսդիենսէ կոչուած ճանապարհին վրայ, ուր Կոսդանդին կայսրը կառուցած էր առաջին եկեղեցին, եւ որ յետագային ընդարձակուած , ներկայ պարիսպներէն դուրս գտնուող Ս. Պօղոս տաճարը։ Պօղոս առաքեալը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեզի արտակարգ ժառանգութիւն մը ձգած է։ Եկեղեցւոյ Հայրերը անթիւ անհամար մեկնութիւններ յատկացուցած են։ Վերջերս ՜՜Պօղոսեան վերանորոգում՝՝ կատարուած է եւ առիթ տուած՝ գիտական ուսումնասիրութիւններու, ուր ի յայտ կու գայ անոր վեհանձն առաքեալի զօրաւոր անձնաւորութիւնը եւ իւրայատուկ մտածողութիւնը։ Կրօնական բազմաթիւ շարժումներ անոր անուան կը վերաբերին։ Պօղոս առաքեալը կը մնայ քրիստոնեայ բեղուն գործունէութիւն կատարած մտաւորական մը։ Անոր վերադառնալ,հետեւիլ անոր օրինակին ու վարդապետութեան խթանիչ ու հաւաստիկ` կ՝ ամրապնդէ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը ու Եկեղեցւոյ բարենորոգումն ու զարթօնքը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Ս. Պօղոսի օրինակը ըլլայ քաջալեր աւելի յարելու եկեղեցւոյ ու հաւատարիմ մնալու անոր ուսուցումին։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն մաղթելով՝ ՜՜Քրիստոսի նահատակներու նման հերոսաբար դիմել սրբութեան՝՝։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.