2009-02-04 12:40:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մոսկուա կը մեկնի ,մասնակցելու՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի եւ Եւրոպական - Ասիական տնտեսական ընկերակցութեան միջպետական խորհուրդի՝ այսօր տեղի ունենալիք արտահերթ նիստերուն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախագահէ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, եւ դիտորդի կարգավիճակ ունի Եւրոպական-Ասիական տնտեսական ընկերակցութեան մէջ։Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։



Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական մեծ կազմակերպութեան մը պաշտօնատարը իսրայէլեան ՝՝Ճերուզալեմ Փոսթ՝՝ օրաթերթին յայտնած է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց վատթարացումը, իր կազմակերպութիւնը եւ այլ հրէական կազմակերպութիւններ կրնայ մղել վերատեսութեան ենթարկելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն դէմ իրենց կեցուածքը։ Պաշտօնատարը օրաթերթին կըսէ, որ ողջախոհ ոեւէ հրեայ կամ իսրայէլացի Թուրքիան պիտի չվարկաբեկէ։ Սակայն յաջորդ անգամ անոնք կրնան Թուրքիոյ օժանդակութեան չփութալ կամ այսքան չվիճիլ հարցին (Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումին) շուրջ։ Ուաշինկթընի հրէական համայնքի ղեկավարներէն մէկը նշած է, որ եթէ կազմակերպութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն զօրավիգ չեն կանգնիր, այդ մէկը թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց եւ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին վերաբերեալ մտահոգութեան պատճառով է։ Միւս կողմէ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի ղեկավարին համաձայն Թուրքիոյ հրեայ քաղաքացիներուն դիմագրաւած մեծագոյն հարցը այն է, որ թուրքերուն մեծամասնութիւնը զանոնք օտարներ կը սեպեն եւ ոչ թէ իրենց երկրին քաղաքացիները։Մինչ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով Թուրքիոյ հրեայ համայնքին մտավախութիւնները կը շարունակուին՝ (համայնքի անդամներուն դէմ հաւանական թշնամական արարքներու վերաբերեալ), համայնքին ղեկավարները յայտնեցին, թէ իրենք հաւասարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուզեն եւ ոչ թէ հանդուրժողականութիւն։



Նեթանիահու Ընտրուելու Պարագային Կը Խոստանայ Տապալել Համասի Վարչակարգը։ Իսրայէլի աջակողմեան Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու երէկ խոստացաւ, որ իր ղեկավարութեամբ կառավարութիւն մը պիտի տապալէ Կազայի մէջ Համասի վարչակազմը։ Ցիփի Լիվնի ինք եւս ակնարկեց, որ Համաս կրնայ իսրայէլեան բանակին կողմէ շղթայազերծուած այլ գործողութեան մը դիմաց գտնուիլ, եթէ շարունակէ հարաւային Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումներ կատարել։

Բայց Նեթանիահու վճռակամ խօսած է ըսելով որ ՝՝Իմ ղեկավարութեամբս կառավարութիւն մը պիտի տապալէ Կազայի մէջ Համասի իշխանութիւնը՝՝։



ԱՄՆ.ի նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ ընտրուած առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին համար Թոմ Տասլ, ետ քաշեց իր թեկնածութիւնը՝ 140.000 տոլար գումարի հասնող հարկային իր պարտքերու բացայայտումէն ետք։ Ան գրաւոր հաղորդագրութիւն մը տալով լրատուամիջոցներուն յայտնած է, թէ չի փափաքիր արգելք հանդիսանալ Օպամայի կառավարական աշխատանքին։ Միւս կողմէ

Նանսի Քիլեֆեր եւս հրաժարած էր կառավարութեան գնահատման պաշտօնի թեկնածութենէն, նոյնպէս հարկային վճարումներու անկանոնութեան պատճառով։ Երէկ այլ նշանակումներ ալ տեղի ունեցան, առեւտուրի նախարար նշանակուեցաւ ծերակուտական Ճատ Կրէկը, (որուն նշանակման վաւերացումէն ետք), Օպամայի դահլիճին մէջ հանրապետական նախարարներուն թիւը երեքի պիտի հասնի։








All the contents on this site are copyrighted ©.