2009-02-03 14:14:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գամերուն եւ Անկոլա առաքելական ճաբորդութեան յայտագիրը։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, երկուշաբթի օրը հրապարակեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գամերուն եւ Անկոլա առաքելական ճանբորդութեան յայտագիրը։ Նախատեսուած է որ այս Առաքելական ճամբորդութիւնը տեղի ունենայ մարտ 17-23 ։ Սրբազան Պապը Ափրիկէ իր առաջին ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու եւ մահմետական կրօնապետերու հետ։ Անկոլայի մէջ նախատեսուած է մեծ հաւաք մը երիտասարդութեան հետ։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ երկու երկիրներու հանրապետութեան նախագահներուն հետ։

Գամերունի եկեղեցին կը հրապարակէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական այցելութեան յայտագիրը։ Աւելի քան 50.000 հաւատացեալներու ներկայութիւնը կը սպասուի Նորին Սրբութեան Եաունտէի մարզադաշտին մէջ մատուցելիք պատարագին։

Եաունտէի առաջնորդը` գերապայծառ Վիքթոր Թոնի Պաքօ մամուլին յայտնած է Սրբզ. Պապին առաքելական այցելութեան յայտագիրը։



Նորին Սրբութեան Գամերուն այցելութիւնը մարտ 17 էն 20։

Մարտ 19ին Սրբզ. Հայրը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ Եաունտէի մարզադաշտին մէջ։ Ըստ կազմակերպիչներուն անոր պիտի մասնակցին աւելի քան 50.000 հաւատացեալներ։

Մամլոյ ասուլիսին, գերապայծառ Վիքթոր Թոնի Պաքօ ըսաւ թէ՝ Սրբազան Հայրը 17 մարտի յետմիջօրէին պիտի հասնի Գամերունի մայրաքաղաքը ։ Բարի գալուստի արարողութենէն ետք նախագահ Փոլ Պիայի կողմէ, հանդիսաւոր ընդունելութիւն վերապահուած է Սրբազան Պապին եւ որուն ընթացքին նախ հանրապետութեան նախագահը եւ ապա Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսք պիտի առնեն։

Յաջորդ օրը մարտ 18-ին Սրբազան քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ երկրի քաղաքական եւ ապա եկեղեցական իշխանութիւններու հետ։ Մարտ 19-ին տօն Ս. Յովսէփ Աստուածահօր, Սրբազան Քահաայապետը նախ հանդիպում պիտի ունենայ մահմետական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, մայրաքաղաքին առաքելական դեսպանատան մէջ ապա Գամերունի կրօնական բոլոր ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցէ մայրաքաղաքի մարզադաշտի մէջ ափրիկեան եպիսկոպոսական սիւնոդոսի երկրորդ հաւաքին առթիւ։ Սոյն պատարագին կը նախատեսուի (ինչպէս ըսինք) մասնակցութիւնը աւելի քան 50.000 հաւատացեալներու։ Հռոմի Պապին հետ պիտի համապատարագեն 150 եպիսկոպոսներ։ Պատարագին ընթացքին. Սրբազան Քահանայապետը պիտի ստորագրէ Ափրիկէի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի վաւերաթուղթը, որուն գլխաւոր նիւթերն են ՜՜խաղաղութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքը՝՝։ Նոյն օրը Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ տառապանքի աշխարհին հետ ազգային անկարներու կեդրոնը։ Եւ ապա աշխատանքային նիստ մը պիտի ունենայ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու հետ։ Մարտ 20ին Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի Անկոլա, ուր պիտի մասնակցի ՜՜Աւետարանի մուտքին՝՝ 5րդ դարադարձի հանդիսութիւններուն։

Գամերունի այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Ափրիկէ։ Ան, իր այս այցելութեամբ՝ ուզեց ընդառաջել երկրի հանրապետութեան նախագահի ու եպիսկոպոսական դասի միացեալ հրաւէրին։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ ՜՜Գամերուն՝՝ը Քահայանապետ մը կ՛ընդունի իր հողին վրայ։

Անկոլայի եկեղեցին եւս իր կարգին կը պատրաստուի ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մարտ 20-23, ներկայ պիտի ըլլան աւելի քան մէկ միլիոն կաթողիկէներ Լուանտայի մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Անկոլա հովուական այցելութիւնը (կազմակերպիչներու գնահատումով) պիտի յատկանշուի Ս. պատարագով, որ Սրբազան Հայրը պիտի մատուցէ Մայրաքաղաքի Չիմանկոլա ընդարձակ հրապարակին վրայ։ Ըստ եկեղեցական իշխանութիւններու գնահատումին հասարակաց աղօթքին կը նախատեսուի մասնակցութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներու։

Մարտ 20-ին Սրբազան Քահայանապետը Գամերունէն պիտի ուղղուի Անկոլա։ Երկու ժամ տեւող թռիչքէն ետք, Լուանտայի միջազգային օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունուի հանրապետութեան նախագահ Տոս Սանդոսէն եւ եկեղեցական ու քաղաքական աւագանիէն ու դիւանագիտական մարմնէն։ Այս առթիւ նախատեսուած են փոխադարձ ճառեր։ Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ հանրապետութեան նախագահին եւ ապա ճառ մը պիտի արտասանէ Անկոլայի քաղաքական մարդոց, բնակչութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։ Երեկոյեան, Սրբազան Հայրը հանդիպում պիտի ունենայ Անկոլայի եպիսկոպոսներուն հետ։ Շաբաթ մարտ 21 ին առաւօտուն Պ ԺԶ. պատարագ պիտի մատուցանէ տեղական կղերին հետ, ներկայութեամբ՝ կաթողիկէ եղբայրութիւններուն, իսկ յետմիջօրէին մայրաքաղաքի մարզադաշտին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ։

Իսկ Կիրակի օրը 22 մարտ 2009-ին Սրբզ. Պապը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցանէ Չիմանկոլա կոչուած ընդարձակ հրապարակին վրայ, աւելի քան մէկ միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Երեկոյեան դարձեալ հանդիպում պիտի ունենայ երկրի եպիսկոպոսներուն հետ առաքելական դեսպանատան մէջ։

Անկոլայ իր այս այցելութեամբ, Նորին Սրբութիւնը ուզեց տօնախմբել Անկոլայի աւետարանութեան 500ամեակը։ Աւետարանը Անկոլա մուտք գործեց Փորթուկալցի առաքեալներու միջոցաւ հեռաւոր 1482ին։ Անկոլան ՜՜քրիստոնեաներու՝՝ մեծագոյն տոկոսը ունի, Հարաւային Ափրիկէի շրջանի մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.