2009-02-03 13:04:57

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Իրանի մէջ պետական յեղափոխութեան փորձի մեղադրանքով Հայուհի մը ձերբակալուած ։ Իրանի դատական իշխանութեան մէկ բանբերը յայտարարած , որ Իրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ, թաւշեայ յեղափոխութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով 26 յուլիս 2008-ին ձերբակալուած են չորս հոգի, որոնց շարքին կայ հայուհի մը՝ Սիլվա Յարութիւնեան անունով. լուրին կը տեղեկանանք այսօր։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ օր Ցիւրիխի ՝՝Հայաթ՝՝ պանդոկի սրահին մէջ զուիցերիահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ է, մենք պէտք է հասնինք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումին։Մենք այլ խնդիր չենք դներ մեր առջեւ, (վստահեցուցած է նախագահ Սարգսեան) խօսելով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 28 յունուարին Ցիւրիխի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին։ Մենք չենք կրնար մեր ազգային նպատակը, համընդհանուր խնդիրը զոհել երկրորդական խնդիրներ լուծելու համար, (նշած է դեռ Սերժ Սարգսեան)։ Ապա անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման՝ Սերժ Սարգսեան ըսած է, թէ հանդիպման իբրեւ արդիւնք իրենք յանձնարարած են արտաքին գործոց նախարարներուն շարունակել բանակցութիւնները։ Կը կարծեմ, որ երկու դրացի պետութիւններուն միջեւ առանց որեւէ նախապայմանի բնականոն ու քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ հաստատելը կը բխի մեր շահերէն,( ընդգծած է ան)։ Այստեղ ալ կուզեմ, որ բոլորին համար նոյնպէս պարզ եւ հասկնալի ըլլայ։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելը չի նշանակեր մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, թուրքերուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելը չի նշանակեր ստորադասել մեր ազգային շահերը՝ ինչ-ինչ խնդիրներու։

Իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու գերագոյն յանձնակատար Խաւիէ Սոլանա ՝՝Տէյ ազ՝՝ ելեկտրոնային պարբերականին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին զինուորական լուծում գոյութիւն չունի։ Մենք մեծ կարեւորութիւն կընծայենք այն փաստին, որ Ազէրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին պարտաւորուեցան տագնապը լուծել խաղաղ ճամբով, (ըսած է Սոլանա) եւ աւելցուցած է ՝՝Նոր ուժականութիւնը պէտք է որոշակի քայլերով պահպանել՝՝։ Եւրոպական Միութիւնը լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն եւ պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ու շփումներու կազմակերպման ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններու կայացման, (նշած է Սոլանա) եւ վստահութիւն յայտնած է, որ բանակցութիւններուն ճամբով ձեռք բերուած որոշումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան, անվտանգութեան եւ յառաջընթացի հաստատման։ Մենք կը փափաքինք սերտօրէն համագործակցիլ շրջանի երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։ Շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ դրական եւ կառուցողական երկխօսութիւնը մենք կը նկատենք հիմնական ճամբան դէպի կայունութիւն, անվտանգութիւն եւ յառաջընթաց(ընդգծած է Խավիէ Սոլանա)։








All the contents on this site are copyrighted ©.