2009-02-02 13:56:03

Տեառնընդառաջի տօնի նշանակութիւնը եւ ազգային աւանդութիւններ' Նախատօնակի Արարողութիւն Եւ Խարոյկահանդէս


Տեառնընդառաջի տօնի նշանակութիւնը եւ ազգային աւանդութիւններ' Նախատօնակի Արարողութիւն Եւ Խարոյկահանդէս



Ղուկաս աւետարանիչը Յիսուսի տաճար ընծայման մասին հետեւեալը կը պատմէ. Երուսաղէմի մէջ Սիմէոն անունով մարդ մը կար, որ արդար եւ շատ աստուածավախ մէկն էր։ Իսրայէլի Մխիթարիչը տեսնելու յոյսով կապրէր եւ Սուրբ Հոգին կար իրեն մէջ։ Ներքին մղումով տաճար եկաւ եւ երբ անոր ծնողքը հոն բերին Յիսուս մանուկը, իր գիրկն առաւ զինք, օրհնութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ ըսաւ.՜վ Տէր, (հիմա) խաղաղութեա՛մբ կրնաս արձակել քու ծառադ՝ քո՛ւ խոստումիդ համաձայն, քանի որ աչքե՛րս տեսան քու փրկութիւնդ, զոր բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, որ յայտնութեան լոյս ըլլայ ան հեթանոսներուն եւ փառք՝ քու Իսրայէլի ժողովուրդիդ։ Սիմէոն օրհնեց զիրենք եւ անոր մօր՝ Մարիամին (այսպէս) ըսաւ Ահա, այս (մանուկը)՝ շատերո՛ւ գլորումին կամ կանգնելուն պատճառ պիտի ըլլայ Իսրայէլի մէջ եւ հակառակութեան նշան։ Քո՛ւ սրտէդ ալ սուր պիտի անցնի, որովհետեւ քեզի՛ ալ պիտի յայտնուին շատերու սրտին (մէջ թագնուած չար) խորհուրդները։



Տեառնընդառաջը, Հայ Եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն է, որ կը կատարուի Ս. Ծնունդէն քառասուն օրեր ետք, Փետրուար 2-ին։ Այս տօնը Յիսուսի մանկութեան շրջանէն առնուած կարեւոր եղելութիւն մըն է, որ կը նկատուի Աստուածայայտնութիւնը բացայայտող Սուրբ գրային դէպքերէն իրողութիւն մը։ Ինչպէս ուրիշ ժողովուրդներ, Հայ ժողովուրդն ալ հեթանոսական բնութեան զանազան տարրերու կողքին ունեցած է նաեւ կրակի պաշտամունքը, ինչպէս օրինակ Միհրը, արեւի աստուած՝ Արամազադը, որոնց համար կանգնեցուցած է անշէջ հուրով յատուկ բագիններ։

Այդ տօներէն մէկն է հեթանոսական ժամանակներէ մեզի հասած խարոյկահանդէսը, որ արձագանգն է հայոց հնագոյն հաւատալիքներուն։

Յետ քրիստոնէութեան մեր եկեղեցւոյ հայրերը, երբեմն խստիւ քննադատած են, իսկ երբեմն ալ հեթանոսական փառքերը միացուցած են Քրիստոսի կեանքի կապուած տօներու, նկատելով որ անոնք կը վայելեն ժողովուրդին սէրը եւ խանդավառութիւն յառաջացնող առիթներ են ժողովուրդի զանազան խաւերու մէջ։ Ուստի նկատի ունենալով որ այդ հեթանոսական աւանդութիւնները, սովորութիւնները, բարքերը եւ հաւատալիքները պիտի չկարենան արմատախիլ ընել ժողովուրդին մտածողութենէն, հմտօրէն Տեառնընդառաջի նախատօնակը տեղադրած են խարոյկահանդէսի օրը զայն կապելով քրիստոնէական հաւատքին։

Խարոյկահանդէսի տօնակատարութեան մէջ խտացած է անգիր այլեւայլ հաւատալիքներ, որոնք նախաքրիստոնէական շրջանէն շարունակուած են ու տակաւին կը շարունակուի իրենց անցեալի փառքով։ Յետ քրիստոնէութեան Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութենէն անմիջապէս ետք, Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ յարմար տեղ մը կուտակուած կ՛ըլլար փայտ, պատրաստ խարոյկահանդէսի, Եկեղեցիէն բերուած մոմով՝ կը վառուէր կրակը։

Հաւատացեալներ յատկապէս նորապսակ հարսեր, երիտասարդներ ու ծերեր կը հաւաքուէին անոր շուրջ բոլորը եւ հերթով կը ցատկէին բոցերուն վրայէն։

Նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն վերապրող սովորութիւններէն եւ հաւատալիքներէն է, որուն համաձայն յատկապէս նորապսակ հարսեր պէտք է ցատկէին բոցերուն վրայէն, մաքրագործուէլու համար եւ ծնունդը նուիրագործելու նպատակով։ Դարձեալ ամուլ կիներ այդ կրակով կայրէին իրենց փէշերը որպէսզի ամոքուին եւ յղանան։

Հայ գեղջուկներ խարոյկահանդէսէն ետք բուռերով մոխիր կառնէին տանելով զայն կը ցանէին գոմերուն եւ արտերուն մէջ, հաւատալով որ աւելի արասաւորութիւն եւ աւելի առատութիւն եւ բարիք պիտի բերէ յաջորդ եղանակին։

Ընտանիքի հայրեր եւ մամիկներ ափ մը մոխիր կ՛առնէին ու տանելով զայն կը թափէին եւ կամ կը շաղախէին իրենց տուներուն կատարը, որպէսզի չարիքը հեռու մնայ իրենց օճախէն։

Ամէն ոք եկեղեցիէն մոմ մը վառելով տուն կը տանէր եւ մինչեւ լոյս կը վառէր, որպէսզի լոյսը եւ իմաստութիւնը տիրող ըլլան եւ խռովութիւնները փարատին։ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի երեկոյեան ժամերութիւն եւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն։ Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ շարականներու, Առաքելական նամակի եւ օրուայ յատկացուած Աւետարանի ընթերցումէն ետք,

Եկեղեցականը Ս. խորան բարձրանալով խորանին վրայ զետեղուած մոմակալէն մոմ մը վառելով վար կ'իջնէ խորանէն ու այդ մոմով կը վառէ դասին մէջ պատրաստուած յատուկ սեղանի մը վրայ զետեղուած մոմակալին մոմը, որպէսզի յետ արարողութեան ներկայ հաւատացեալները այդ մոմէն վառեն իրենց մոմերը ու տուն տանին։ Արարողութեան աւարտին դասին մէջ կը կատարուի անդաստանի օրհնութիւն։

Յայտնենք թէ Տեառնընդառաջին կը յիշատակուին նաեւ ծերունի Սիմոնն ու Աննա մարգարէդուին, երկու անձեր որոնք Յիսուսի տաճար ընծայման ներկայ գտնուած են։

Քաջալերելի է քահանային կատարած հոգեւոր ու ազգային գործունէութիւնը գաղութներու կեանքին մէջ, յատկապէս վերակենդանացնելով հայ եկեղեցւոյ կրօնական բնոյթ ունեցող տօներուն հետ միախառնուած ազային հին սովորութիւնները, աւանդութիւնները, բարքերը ու հաւատալիքները որոնք հանգրուան առ հանգրուան սկսած են մոռացութեան մատնուիլ, զանոնք վերակենդանացնելով ու մատչելի դարձնելով այս օտար ափերուն մէջ ծիլ արձակող մեր մատղաշ սերունդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.