2009-02-01 14:13:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, փետրուար մէկ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այս կիրակի օրուայ աւետարանական ընթերցումները կը խօսին ցնծութեան եւ երջանկութեան մասին։

Վաղը` երկուշաբթի, փետրուար 2, Եկեղեցին կը յիշատակէ Տեառնընդառաջը, որ կը կատարուի Ս. Ծնունդէն քառասուն օրեր ետք, Փետրուար 2-ին։ Այս տօնը Յիսուսի մանկութեան շրջանէն առնուած կարեւոր եղելութիւն մըն է, որ կը նկատուի Աստուածայայտնութիւնը բացայայտող Սուրբ գրային դէպքերէն իրողութիւն մը։

Ապա Նորին սրբութիւնը ըսաւ լատին Եկեղեցին Տեառնընդառաջ տօնը յատկացուցած է նուիրեալ անձերու` կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու, մենակեացներու։

Այդ օրը կը կոչուի Նուիրեալ Անձերու համաշխարհային օը։

Սիմէոն Ծերունիի օրինակին հետեւելով եւ Ս. Հոգւոյ ազդեցութեամբ Նուիրեալ Անձերը իրենց սիրտը նուիրած են Քրիստոսի։ Յիսուս միայն կարող է առաջնորդել հոգիները կատարեալ ու ճշմարիտ երջանկութեան։ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը մեր բոլորիս համար բարեխօս է։

Հուսկ Նորին սրբութիւնը ըսաւ թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ ուզեց Տեառնընդառաջ տօնը յատկացնել Նուիրեալ Անձերուն եւ անոնցմէ շատերը այդ օրը իրենց ուխտը կը վերանորոգեն։ Վաղը` փետրուար 2-ին Կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովի կառավարիչը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ ս. Պետրոս տաճարը եւ որուն աւարտին հանդիպում պիտի ունենամ Նուիրեալ Անձերուն հետ։ Ձեզ ամէնքդ կը հրաւիրեմ գոհութիւն յայտնել Ամենաբարի Աստուծոյ որ նման նուիրեալներ կը ղրկէ իր հօտին եւ իրմէ խնդրենք որ բազմաթիւ կոչումներ ուղարկէ իր Եկեղեցւոյ։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ։ Այս խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.