2009-01-31 13:34:39

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Սրբազան Պապը ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան մասնակցող միջազգային խառն յանձնախումբը`

Կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ միութիւնը թող ըլլայ յոյսի նշան ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։


Ընդունելով՝ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան մասնակցող 35 հոգիէ բաղկացած միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները, որ Հռոմի մէջ իրենց Զ. ժողովը գումարեցին յունուար 25-31,

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ. Կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ միութիւնը թող ըլլայ յոյսի նշան Միջին Արեւելքի համար։ Բաւարար է ակնարկ մը նետել Միջին Արեւելքի վրայ հասկնալու համար որ այդ տարապալից, վիրաւոր, բաժնուած ու ընդհարումի ենթակայ այս աշխարհաշրջանը թէ որքան յոյսի կը կարօտի։ Քրիստոնեաները կանչուած են աննկուն յանձնառումով գործելու հաշտութեան ու հաղորդութեան ի խնդիր։ Ան նաեւ մատնանշեց թէ Արեւելեան ամէն եկեղեցի ոչ միայն ժառանգութեամբ հարուստ է այլ եւ կանչուած է յանձնառումով յաղթահարելու անցեալի բաժանումները քրիստոնէական լաւագոյն վկայութիւն մը տալու այդ հողամասի բնակիչներուն։ Աշխարհը կարիքը ունի Եկեղեցւոյ խորհրդաւոր միութեան շօշափելի նշանին։ Եւ բոլոր քրիստոնեաները պատասխանատուութիւնը ունին դրսեւորելու՝ ՜՜Աստուծոյ Եկեղեցւոյ՝՝ միութիւնը աշխարհի մէջ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Պօղոս առաքեալը լաւագոյն ռահվիռան ու աստուածաբանը Եկեղեցւոյ Միութեան։ Յայտնենք թէ այդ խառն յանձնախումբին մաս կը կազմեն հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Ժողովը նախագահեցին Հռոմի Քրիստոնէական Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտ. Վալթէր Քասպեր եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տամիեթէի Մետրապոլիտ՝ Ամպա Պիշօ։ Ժողովականները քննարկած են. երկխօսութեան հին տարիներու արդիւնք՝ ստեղծուած Եկեղեցւոյ բնոյթը, սահմանադրութիւնը եւ առաքելութիւնը խորագրով փաստաթուղթը։ Անոնք նաեւ անդրադարձած են երկխօսութեան հետագայ ընթացքին։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնը

Փետրուար ամսուան համար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթելու՝

Որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Եկեղեցւոյ հովիւները ըլլան հլու Ս. Հոգւոյն ներգործութեան Աստուծոյ ժողովուրդին տուած ուսուցումին ու մատուցած ծառայութիւններու ընթացքին։

Որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Ափրիկէի Եկեղեցին գտնէ պատշաճ ճանապարհը եւ ազդու միջոցառումները հաստատելու հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը ներշնչուելով Ափրիկէի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Բ. Սիւնոդոսի ցուցմունքներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.