2009-01-31 13:38:25

Լուրեր Հայ աշխարհէն

Տարբեր Երկիրներէ Հայ Երիտասարդներու Համախմբման Ծրագիր


՜՜ Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն հասարակական կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ 2009ին Ղարաբաղի մէջ կազմակերպել Հայաստանի, Ջաւախքի, Սփիւռքի, ԼՂՀի երիտասարդներու հանդիպում, ուր պիտի քննարկուին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, պիտի մշակուի մէկ միասնական ծրագիր, որ պիտի համախմբէ տարբեր երկիրներ բնակող հայ երիտասարդները։ Կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում մը ԼՂՀի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ եւ այցելութիւններ պատմամշակութային վայրերը՝՝յայտարարած է կազմակերպութիւնը փոխնախագահը՝ Գէորգ Մկրտչեան։ Հանդիպման մասնակցելու համար արդէն փափաք յայտնած են երիտասարդներ՝ Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, եւ այդ առնչութեամբ կապ հաստատուած է բազմաթիւ երկիրներու հայկական համայնքներու երիտասարդական կազմակերպութիւններուն հետ որոնք գործօն ձեւով արձագանգած են Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոնի նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին աշխարհի հայ երիտասարդները համախմբել՝ Առաջ Հայաստան հիմնադրամի աջակցութեամբ։

Կեդրոնը համաձայնագիր մը ստորագրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, որ կը ծրագրէ զինավարժութիւններ կատարել Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդութեան մասնակցութեամբ։



Հայաստան-Նայիրիտի աշխատակիցներու գործի վերադարձը ։

Փետրուար ամսոյն կը վերսկսին Նայիրիտի գործարանի արտադրութեան նախնական աշխատանքները եւ 1744 աշխատակիցներէն ժամանակաւոր գործազրկման ենթարկուած 1500 բանուորներ եւ պաշտօնեաներ Մարտին պիտի վերադառնան աշխատանքի, հակառակ անոր, որ արտադրութեան նախնական ծաւալները տակաւին չեն յստակացած, որովհետեւ այդ ծաւալները կապուած են շուկայի մէջ տիրող իրավիճակէն։



Սփիւռքի նախարարը նշած է Արեւմտահայերէնի մասնագէտներու կարիքը

Հ Հ նախարարները եւ վարչութիւններու պետերը, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին ներկայացուցին իրենց ղեկավարած կառոյցներուն հաշուետուութիւնը եւ յառաջիկայ ընելիքները։ Այս առթիւ հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։ Ան յայտնեց, որ նոր Սփիւռքը դասական Սփիւռքին հետ չի համարկուիր։ Արեւմտահայերէնի մասնագէտներու պակաս կայ։ Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ դժուարութիւններ կան հանրակրթական դպրոցները պահելու իմաստով, ուստի անհրաժեշտ է զարկ տալ կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման։ Ան նաեւ տեղեկացուց, որ 2008 թուականին ծրագրուած բոլոր ընելիքները կատարուած են, եւ թոյլտուութիւն խնդրեց կառավարութեան որեւէ դահլիճի մէջ ամիսը անգամ մը նիստեր կազմակերպելու։















Երեւան-Արշաւ՝ Արամ Մանուկեանի արձանը Երեւանի հրապարակին վրայ դնելու։

Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կը պահանջէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կանգնեցնել Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան գլխաւոր հիմնադիր, առաջին ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի արձանը։

Նկատի ունենալով Արամ Մանուկեանի մէծ ներդրումը 1918 թուականի անկախութեան հռչակման եւ Առաջին հանրապետութեան կազմաւորման գործին մէջ՝ Յունուար 29ին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնած է գործնական քայլերու եւ նամակ-առաջարկով դիմած է Երեւանի քաղաքապետարան՝ պահանջելով Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնել իրեն արժանի տեղը։ Ըստ Կազմակերպիչներուն, 2009 թուականը, իբրեւ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130ամեակ եւ մահուան 90րդ տարելից, յարմարագոյն առիթն է նշանաւոր գործիչին արժանի վերաբերմունք ցուցաբերելու համար։

Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արթուր Ղազարեան յայտնեց ՜՜Եթէ չլինէր Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը, չէր լինի Խորհրդային Հայաստանը, իսկ այդ դէպքում չէր լինի նաեւ այսօրուան Հայաստանը։ Հետեւաբար Արամ Մանուկեանը անուրանալի ներդրում ունի նաեւ ներկայիս Հայաստանի հանրապետութեան կայացման գործում՝՝։ Ան նաեւ հաստատեց, թէ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ պահանջքի իրագործման՝ մինչեւ վերջ։

Նշենք թէ՝ Յունուար 28ին Արամ Մանուկեանի շիրիմը այցելած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի արտայայտած կարծիքը, թէ պէտք է արժանին մատուցել Արամ Մանուկեանին, յոյս ներշնչած էր այս առաջարկի գործադրման ուղղութեամբ։ ՀԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սասուն Սարգսեան հաստատեց, թէ իրենք ջանք պիտի չխնայեն եւ բոլոր ուժերով պիտի աջակցին նախաձեռնութեան իրականացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.