2009-01-30 13:04:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Ուրբաթ 30 յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահայանապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Անթոնիօ Լովերա` կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի եւ սուրբ խորհուրդներու մատակարարումին,

Կարտինալ Իվան Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան խորհուրդին

Կարտինալ Գլաուտիօ Հումմէս` կառավարիչը կղերին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան մասնակցող միջազգային խառն յանձնախումբը` թիւով 35 ներկայացուցիչներ։ Յայտնենք թէ այդ խառն յանձանխումբին կը մասնակցին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ՝ արհի. Պետրոս արք. Մրէաթեան` առաջնորդը Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմին, գերշ. Օշական արք. Չոլոեանը եւ Նարեկ սրբազան Ալեմեզեան` որպէս ներկայացուցիչները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին, եւ Եզնիկ արք. Պետրոսեան ու ԱՄՆի Հայոց Արևելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Խաժակ արք. Պարսամեան, որպէս ներկայացուցիչները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։



Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Արևելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջև Աստուածաբանական երկխօսութեան համատեղ միջազային յանձնախմբի հանդիպումը Հռոմ գումարուած է յունուար 24-31։

Ժողովը, որ նախագահեցին Հռոմի Քրիստոնէական Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտ. Վալտեր Կասպեր եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տամիեթէի Մետրոպոլիտ Ամպա Պիշո, քննարկած է երկխօսութեան հին տարիներու արդիւնք՝ ստեղծուած Եկեղեցւոյ բնոյթը, սահմանադրութիւնը եւ առաքելութիւնը խորագրով փաստաթուղթը։ Յանձնախումբը նաեւ անդրադարձած է երկխօսութեան հետագայ ընթացքին։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապերտը կը հրաւիրէ կաթողիկէները եւ օրթոտոքսները վերանորոգելու երկխօսութիւն մը որ միշտ աւելի դժուար կը յայտնուի։

Ընդունելով Ռուսիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսները, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, Սրբազան Սրբազան Քահանայապերտը նախ ողջունեց Մուկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նոր պատրիարքին ընտրութիւնը։ Ապա վերակոչելով Ռուսիոյ եկեղեցական յատուկ բնոյթը, այսինքն` երկիր մը որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը օրթոտոքս է եւ հարուստ` եկեղեցական ու մշակութային հազարամեայ ճոխ ժառանգութեամբ, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հարկաւորութիւնը՝ վերանորոգ յանձնառումով երկխօսութեան մէջ մտնելու օրթոտոքս եղբայրներու ու քոյրերու հետ։ Մենք գիտակից ենք թէ այս երկխօսութիւնը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, սակայն կը յուսամ որ Ռուսիոյ կաթողիկէ հասարակութիւնը նպաստէ այդ երկխօսութեան ոչ միայն եկեղեցական գետնի վրայ այլ եւ անհատական, որպէսզի լաւագոյնս իրարզիրար ճանչնանք, եւ իրարու հետ համագործակցինք նոր սերունդի կազմաւորման ի խնդիր։ Հուսկ Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ քրիստոնեաներու միութիւնը հարկաւոր է, դիմագրաւելու՝ ներկայ աշխարհի մշակութային ու բարոյական մարտահրաւէրները ինչպէս. ՜՜մարդկային անհատին արժանաւորութեան յարգանքը, կեանքի պահպանումը իր բոլոր հանգրուաններով, ընտանիքի պաշտպանութիւնը եւ այլ հրատապ տնտեսական եւ ընկերային հարցեր՝՝։

Հուսկ Սրբազան հայրը ռուս կաթողիկէ 4 եպիսկոպոսներու առջեւ իր մօտիկութիւնը յայտնեց ռուս օրթոտոքս եղբայրներուն եւ քոյրերուն, եւ խնդակցութիւնը յայտնեց Կիւրեղ պատրիարքի ընտրութեան համար։ Կիւրեղ Ա. նոր պատրիարքը եղած է հովիւ եւ աստուածաբան, երկխօսութեան մէջ եղած է քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու հետ։ Նաեւ միշտ յանձանռումով աշխատած է համամիութենական երկխօսութեան մէջ, նիւթ մը որ շատ սիրելի է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.