2009-01-30 12:53:55

Ակնարկ Մը....Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը....Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 յունուարի երեկոյեան մասնակցած է Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համագումարի բացման պաշտօնական արարողութեան, որմէ ետք համագումարի նախագահ եւ հիմնադիր Քլաուս Շվապի կողմէ պաշտօնական ճաշկերոյթ կազմակերպուած է, ի պատիւ Տաւոս ժամանած բարձրաստիճան հիւրերուն։ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը ուշ երեկոյեան մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի կազմակերպած ընդունելութեան։

Երէկ առաւօտեան Հայաստանի նախագահը Տաւոսի մէջ սկսած է իր երկկողմանի հանդիպումներուն։ Ան տեսակցած է Հիւլէական Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Մոհամետ Պարատէիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը բարձր գնահատած են հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ միջազգային գործակալութեան եւ Հայաստանի գործակցութեան ներկայ մակարդակը։

Սերժ Սարգսեան Տաւոսի մէջ հանդիպած է նաեւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահ Հարուհիքօ Քուրոտայի ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Ասիական զարգացման դրամատան նախագահին իրականացուող միացեալ ծրագիրներուն համար՝ զանոնք արդիւնաւէտ նկատելով։ Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնած է կառավարման մարզին մէջ եւ ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանին՝ Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ մինչեւ այսօր ցուցաբերուող աջակցութեան համար եւ յոյս յայտնած է, որ այդ համագործակցութիւնը իր շարունակութիւնը ունենայ նաեւ ապագային։ Ապա երէկ նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան 28 յունուարին Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարի ծիրին մէջ նոյնպէս հանդիպում ունեցած են։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ Ղարաբաղեան տագնապի լուծումը։Միշտ երէկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ նախատեսուած հանդիպումէն առաջ, Էրտողան Տաւոսի մէջ գումարուած նիստի մը ընթացքին յայտնած, որ ՝՝ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ կողմէ առնուած դրական քայլերը զոհ երթան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու հայկական Սփիւռքի ջանքերուն՝՝։ Էրտողան կը խօսէր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած նիստի մը ընթացքին։ Բայց երէկուայ Տավոսի համաշխարհային ֆորումի ամենահետաքրքրական դէպքը հանդիսացաւ թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի բանակռիւը Իսրայելի Նախագահ Շիմոն Բերեզի եւ ՝՝Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան՝՝ մասին կայացած հանդիպումի վարիչի միջեւ,որը առիթ չէր տար(վարիչը) Թուրքիոյ Վարչապետին պատասխանելու Բերեզի,հակառակ այս վերջինին շնորհուած 25 վայրկեան տեւողութեամբ խօսակցութեան (առանց ընդհատումի), հանդիպումի այլ մասնակիցներուն տրուծ 15 վայրկեանի փոխարէն,արդարեւ Թուրքիոյ Վարչապետը կ՝ընդհատէր նիստը եւ կը հեռանար բեմէն,զարմանք յառաջացնելով սրահին մէջ,եւ ներկաներու մօտ։



ԵՐԵՒԱՆ- Հայաստանի Ազգային ժողովի յարաբերութիւններու վարչութիւնը յայտնեց, թէ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ, Աժ աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան եւ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Վիքթոր Մնացականեան Յունուար 29ին այցելած են ԱԺի բանտարկեալ պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեանին, Սասուն Միքայէլեանին եւ Յակոբ Յակոբեանին։ Գեղամ Ղարիբջանեան եւ Վիքթոր Մնացականեան նաեւ հետաքրքրուած են պատգամաւորներու առողջական վիճակով եւ կեցութեան պայմաններով։

Նշենք թէ 2008ի Մարտ 3ին, Գլխաւոր դատախազի պահանջքով եւ ԱԺի համապատասխան որոշումով ձերբակալուած էին պատգամաւոր Միասնիկ Մալխասեան, Սասուն Միքայէլեան եւ Յակոբ Յակոբեան՝ բռնի կերպով իշխանութեան տիրանալու փորձեր կատարելու յանցանքով, իսկ ներկայիս անոնց քրէական դատավարութիւնը կը գտնուի հետաքննութեան հանգրուանի մէջ։



Հինգշաբթի, Յունուար 29ին, մինչ Կազայէն արձակուած քանի մը հրթիռներ կիյնային հարաւային Իսրայէլի վրայ ու իսրայէլեան ուժերը կը շարունակէին ռմբակոծել Կազան, Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ Արեւմտեան Ափի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ՝ քննելու համար տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները։ Հանդիպումէն ետք, Միչըլ Կազայի մէջ հաստատուած ՝՝զինադադարին պայմանները ՝՝ յարգելու կոչ ըրաւ ճակատող կողմերուն եւ շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն իր կարելին պիտի ընէ տագնապին արդար լուծում մը գտնելու համար։ Եգիպտոսի մէջ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, Միչըլ Չորեքշաբթի օր(28 յունուար) ժամանած էր Իսրայէլ, ուր հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Էհուտ Օլմերթի ու այլ պաշտօնատարներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.