2009-01-29 14:12:57

Կրօնաբարոյական հարցեր

39– Մեր բնութեան կարգ մը յատկութիւնները


Տրուած ըլլալով որ մեր բնութիւնը նիւթէ եւ հոգիէ բաղկացած է, ուստի եւ մարդը, իր բնութեան բերումով` ենթակայ է տգիտութեան, տառապանքի, մահուան եւ ցանկութեան. Այսօրուան մեր զրոյցին մէջ պիտի խօսինք մասնաւոր կերպով այս չորս յատկութիւններուն մասին որոնք մեր բնութեան հետ կապուած են, մեր յաջորդ զրոյցին մէջ աւելի մանրամասնելով չորրորդ բաժինը։

Ա. Մենք կը ծնինք կատարեալ տգիտութեան մէջ ամէն բանի. Մարդկային խելքը կը ստանայ իր առաջին գիտութիւնները զգայարանքներու աշխարհէն, զորս կը ստանանք փորձառութեամբ։ Մարդկային գիտութեան մեկնակէտը ուրեմն տգիտութիւնն է. միայն դանդաղ ընթացքով եւ յարատեւ ջանքով որ մեր զգայարանքներուն եւ ապա` մեր մտքին մէջ կ՛արթննան զանազան գաղափարները եւ կը ձեւաւորուին։

Բ. Մարդ ենթակայ է տառապանքի, որ իր բնութեան արդիւնքներէն մին է. ամէն ստեղծուած էակ կը տառապի որովհետեւ էապէս անկատար է եւ կը ձգտի դէպի կատարելութիւն։ Մեզի միշտ կը պակսի բան մը, եւ անոր համար կը չարչարուինք եւ կ՛ուզենք ամբողջացնել այդ պակասը։

Միւս բոլոր էակներէն աւելի` մարդն է որ կը տառապի, որովհետեւ իրազեկ է լիովին իր այս պակասութիւններուն։ Նիւթական աշխարհը չի բաւեր զինք գոհացնելու համար, ինչպէս որ տեսանք, որով իր բաղձանքները շատ աւելի բարձր են քան պարզ անասուններունը։

Որպէս նաեւ նիւթական էակներ, հարկադրուած ենք ապրելու նիւթական ուրիշ էակներու միջեւ, կրելու անոնց ներկայութիւնը, գործունէութիւնը, պահանջքները։ Այս դրութիւնէն չենք կրնար ազատիլ եթէ ոչ Աստուծոյ յատուկ մէկ միջամտութեամբ։ Սակայն Աստուած մասնաւոր պատճառ մը ունենալու է որպէսզի բացառութիւն կազմէ մարդկային էակին հանդէպ, անոր բնութեան տալով որոշ յատկութիւններ զորս կարելի չէ գտնել միւս արարածներուն մէջ։

Գ. Մարդը բնականօրէն ենթակայ է մահուան։ Մահը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բաժանումը մեր մէջ եղած երկու սկզբունքներուն, մարմնին եւ հոգիին։ Երբ նիւթական բաժինը որ մեր մէջն է այլեւս ատակ չէ իր պաշտօնը կատարելու, կամ որովհետեւ ծանր կերպով վիրաւորուած է, կամ որովհետեւ մաշած է, մարմինը կը բաժնուի եւ կը դառնայ անկենդան ու կը տարրալուծուի բնութեան մէջ։ Այլեւս բնականօրէն ոչինչ կարելի է ընել փրկելու համար մարմնաւոր այս տարրը. Ան հասած է իր վախճանին ու կարելի չէ այլեւս զինք փրկել, ի բաց առեալ եթէ Աստուած, յատուկ մէկ միջամտութեամբ, այլապէս տնօրինէ մարդկային էակին ի նպաստ։

Դ. Մարդս ենթակայ է հակասական ձգտումներու, որոնք կը տարուբերեն զինք. Հոգին ունի իր պահանջքները եւ մարմինը իրենները։ Ո՞ր կողմը միւսին պիտի հպատակի եւ ինչպէ՞ս։ Անպայման հոգւոյ մէջ է որ տեղի պիտի ունենայ այս երկուքին համախմբումն ու համադրումը, որովհետեւ մարդ կը փափաքի բացարձակ երջանկութեան, բացարձակ ճշմարտութեան եւ բացարձակ գեղեցիկին. Արդ այս բոլորի յագեցումը մարդ կը գտնէ միայն Աստուծոյ անհունութեանը մէջ։

Սակայն յաճախ այս գետնին վրայ մեծ պայքար կը մղուի երկու տարրերուն միջեւ. Մարմինը կը փորձէ իր գերակշռին տակ առնել մարդկային բոլոր ուժերը եւ յագեցնել իր ցանկութիւնները. Իսկ հոգին, արգելք կը կենայ եւ կը ջանայ աւելի բարձրացնել մարդուս իղձերը դէպի յաւիտենական եւ անսպառ բարիքները։ Ինչպէ՞ս եւ ու՞ր տեղի պիտի ունենայ հաւասարակշռութեան հաստատումը. Գալ զրոյցին մէջ կը խօսինք այդ մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.