2009-01-29 12:36:40

Ակնարկ Մը...... Միջազգային Ու Ազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը...... Միջազգային Ու Ազգային Դէպքերուն։

Երէկ Ցիւրիխի ՝՝Ռատիսոն՝՝ պանդոկին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը սկսած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլիակովի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Մեթիու Պրայզայի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ։ Հայկական կողմը կառուցողական եւ դրական որակած է ցիւրիխեան հանդիպման արդիւնքները։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը ներկայացուցած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ իրենց տեսակէտները։ Երկու երկիրներու նախագահները յանձնարարած են արտաքին գործոց նախարարներուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ համագործակցութեամբ շարունակել բանակցային գործընթացը։ Բանակցութիւններու աւարտին նախագահները մեկնած են Տաւոս՝ Համաշխարհային Տնտեսական Համագումարի բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու։

՝՝ՍիԷնԷն-Թիւրք՝՝թրքական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած , թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան կը նախատեսէ, որ 2009-ին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը լուծուին։ Պապաճան ըսած է, թէ ՝՝իրողութեան մէջ ես անակնկալի պիտի չմատ-նուիմ, եթէ այս տարի լուծում մը գտնուի՝՝։ 2009-ը կրնայ թուրք-հայկական յարաբերութեանց մէջ անկիւնաքար մը ըլլալ, այնքան ատեն որ երկու կողմերը մինչեւ վերջ կը պահեն իրենց քաղաքական կամքը։

Ռուսիա առկախած է Քալինինկրատի մէջ հրթիռներու զետեղումը՝ նկատի առնելով որ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու հրթիռային պաշտպանութեան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ ըլլան Օպամայի ընտրութեամբ։ Այս ծրագիրներուն գործադրութիւնը դադրեցուած է՝ մեկնելով այն իրողութենէն, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը չաճապարեր արեւելեան եւրոպայի մէջ հակահրթիռային վահանի բաժիններ զետեղելու իր ծրագիրին մէջ։Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նոյեմբերին յայտնած էր, որ Ռուսիա Լեհաստանի սահմանակից Քալինինկրատի մէջ հրթիռներ պիտի զետեղէ՝ առ ի հակադարձութիւն Միացեալ Նահանգներու հակահրթիռային վահանի ծրագիրներուն։ Օպամայի վարչակազմին մէջ Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնի թեկնածու մը այս ամսուան սկիզբը ընդգծեց, որ ՝՝հակահրթիռային վահանի ծրագիրը որպէս քաղաքականութեան նկատմամբ սովորական ընդհանուր ակնարկի մը մէկ բաժինը, վերատեսութեան պիտի ենթարկուի՝՝։

Երէկ, Յունուար 28ին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ,( որ կը գտնուի Թոխմախ երեզմանատան սահմաններէն ներս), տեղի ունեցաւ հոգեհանիստի եւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 90րդ տարելիցին։ Յիշատակի ոգեկոչման այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, ՀՀկառավարութեան այլ անդամներ, նախարարներ, եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ։

Նիւ Եորք ։ Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամի արդիւնքով, այս տարի աւելի քան 50 միլիոն հոգի կրնայ զրկուիլ աշխատանքէ։ 2009ին կը կանխատեսուի գործազրկութեան համաշխարհային մակարդակի աճ՝ մինչեւ 61%։

ԵՐԵՒԱՆ։ Հայոց բանակի հիմնադրման 17 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններն ու ձեռնարկները շարունակուեցան նաեւ երէկ՝ Յունուար 28ին։ Այդ օրը նշած են նաեւ երիտասարդները։ Ուսանողական եւ երիտասարդական խումբեր մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ քաղաքացիներուն բարեմաղթանքներ ուղղած են եւ նուիրած են բանակի օրուան շնորհաւորական բացիկներ։ ՝՝Յաղթանակ՝՝ կամուրջի վրայ, ի նշան խաղաղութեան՝ երկինք արձակուած են Հայոց եռագոյնը խորհրդանշող կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն փուչիկներ՝ անոնց ամրացուած դրօշակներով։ Այնուհետեւ խորհրդանշական երիտասարդական 17 խումբեր այցելած են զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներ, որմէ յետոյ Հայաստանի տարբեր համալսարաններու ուսանողական խումբեր կազմակերպած են խուռներամ երթ մը՝ դէպի Եռաբլուրի Պանթէոնը, ուր ամփոփուած են հերոսներու աճիւնները ,հոս ելոյթ ունեցած է Երեւանի պետկան համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Ցոլակ Ակոպեանը, խօսելով նահատակներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.