2009-01-28 13:40:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 28 յունուար 2009 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։ Սրբազան Հայրը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Պօղոս առաքեալի կեանքի եւ ուսուցումին մասին, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի հովուական թուղթերու վրայ

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,(ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)

Այսօրուան մեր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնենք Պօղոս առաքեալի հովուական թուղթերու վրայ որոնք ուղղուած են Եկեղեցւոյ հովիւներուն` երկու նամակ Տիմոթէոսի եւ մէկ Տիտոսի, Պօղոս առաքեալի անմիջական գործակիցներուն որ առաքեալը սիրեց զանոնք որպէս սիրեցեալ զաւակներ եւ որոնց յանձնեց շատ կարեւոր եւ փափուկ առաքելութիւններ։ Այս նամակները կը վերակոչեն տարբեր եկեղեցական կացութիւն մը` մշակութային նոր միջավայրեր եւ ծագած` թիւր վարդապետութիւններ։ Առաքեալը կը դիմագրաւէ նոր հարցերը հրաւիրելով հաւատացեալները Ս. Գիրքի ընթերցումին, եւ որ միշտ հենուն աւանդին հաղորդուած մեզի անցեալ սերունդներէն։ Ս. Գիրք եւ Աւանդութիւն` Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմերն են, հետեւաբար հարկ է վերակացու ըլլալ , հաւատարիմ խօսքին ու վարդապետութեան։ Այս ամէն բանի հիմն է հաւատքը Աստուծոյ բարութեան պատմական յայտնութեան վրայ։

Քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը ներկայանայ արմատացած հաւատքի էական կէտերու վրայ, որ հոս հոմանիշ է ճշմարտութեան։ Հաւատքը բաց է տիեզերքի, կ՛աղօթէ բոլոր մարդոց համար որպէսզի կարողանան ճանչնալ ճշմարտութիւնը։

Այս թուղթերուն մէջ, դիտել տուաւ Սրբզ. Քահանայապետը ի յայտ կու գայ եպիսկոպոսին, քահանային ու սարկաւագին եռեակ պաշտօնը։ Եկեղեցին նման է ընտանեկան տունի մը, Աստուծոյ տունը, ուր եպիսկոպոսը կը յայտնուի որպէս Հայր։ Աղօթենք Ս. Պօղոսին որպէսզի միշտ աւելի յայտնուինք որպէս անդամները Աստուծոյ ընտանիքին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ կատարեալ քաղաքացիները ըլլան սուրբերուն եւ մտերիմները Աստուծոյ։

Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը՝ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. Այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Թովմաս Աքուինացիի տօնը`պաշտպան սուրբը կաթողիկէ դպրոցներուն։ Անոր օրինակը թող խթան մը ըլլայ հետեւելու Քրիստոսի՝ ճշմարիտ վարդապետի ՜՜կեանքին ու սրբութեան՝՝ ։

Նախքան ունկնդրութեան եզրափակումը նորին սրբութիւնը շնորհաւորեց ընտրութիւնը Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նոր պատրիարքին յանձին Մետրապոլիտ Կիւրեղի` յաջորդը հանգուցեալ Ալեքսիս Բ.ի։ Նորընտրեալ պատրիարքը եղած է առաջնորդը Սմոլենսք եւ Քալինկրատ թեմին եւ նախագահը Մոսկուայի պատրիարքութեան արտգործ նախարարութեան ժողովին։ Հուսկ՝, Սրբազան Հայրը ներկաները հրաւիրեց միասնաբար արտասանելու Տէրունական աղօթքը` Հայր Մերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.