2009-01-28 14:01:00

Էջ մը Հայ Գրականութենէն

42 – Ստեփանոս Ասողիկ


Ստեփանոս, որ ծնած է Տարօն, կոչուած է նաեւ Ասողիկ, հաւանաբար իր անոյշ ձայնին, կամ երաժշտութեան մէջ ունեցած հմտութեան համար։ Ապրած է 10-րդ եւ 11-րդ դարերու միջեւ եւ հաւանաբար կրօնաւորական կեանքի նուիրուած անձ մը ըլլայ. Ան իր նախնական ուսումը առած է Անի մայրաքաղաքին մէջ, ուր, յետ զարգանալու ուսմամբ եւ գիտութեամբ, բարձրացած է քահանայական պաշտօնի եւ աջակից ու օգնական եղած է նոյն ժամանակի Սարգիս Ա. Սեւանցի կաթողիկոսին։ Ըստ ոմանց, ան ապրած է մինչեւ խոր ծերութիւն եւ 100 տարիքը անցած է։

Տրուած ըլլալով որ իր Պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ 1004 թուականը, որ է Գագիկ Ա.-ի թագաւորութեան 15-րդ տարին, կը համարուի որ այդ թուականներուն մօտ եղած է իր մահը։ Իր մասին տեղեկութիւններ տուած է մեզի Գրիգոր Մագիստրոս։ Գալով իր վկայութիւններուն, ան կը յիշէ այլեւայլ ծերունի վարդապետներ որոնց հանդիպած է իր երիտասարդութեան շրջանին, Անիի մէջ, Պօղիկարպոս, Ստեփանոս եւ Մովսէս, որոնք Վահան Սիւնեցի կաթողիկոսի դաւանութիւնը քննած էին 940-ական թուականներուն։

Ասողիկի գլխաւոր գործն է իր Պատմութիւնը զոր գրած է Սարգիս Կաթողիկոսի խնդրանքին վրայ։ Ան կը սկսի, ինչպէս յաճախ մեր պատմագիրներուն մօտ, Ադամ Եւայէն եւ կը հասնի մինչեւ իր օրերը (1004 թուականը)։

Գիրքը կը բաժնէ երեք մասի, որոնցմէ առաջին երկուքը կը կոչէ Պատմութիւն բանից պատմագրական տառից եւ հոն է որ, հետեւողութեամբ Եւսեբիոսի եւ Մովսէս Խորենացիի, կը սկսի իր պատմութիւնը արարչագործութենէն, խօսելով Իսրայէլի ծագման ու պատմութեան մասին, Եգիպտոսի պատմութիւնը կը մէջբերէ, ապա Մարերունը, Պարսիկներունը, Պարթեւներունը, եւն…։

Մինչ առաջին գիրքը կը հասցնէ մինչեւ Տրդատ Գ. Թագաւորի մանկութիւնը, երկրորդը կը սկսի Հայաստանի քրիստոնէութեան դարձով Լուսաւորչի ձեռամբ եւ կը հասցնէ պատմութիւնը մինչեւ Աշոտ Ա. Բագրատունիի թագաւորելը Հայաստանի վրայ. Անշուշտ այս պատմութիններուն համար կ՛օգտուի Ագաթանգեղոսէն, Բիւզանդացիէն, Խորենացիէն, Փարպեցիէն, Եղիշէէն, Ղեւոնդ Երէցէն, եւն…։ Հետաքրքրական է նաեւ Մուհամմէտի եւ արաբներու մասին իր գրած պատմութիւնը, որով անոնցմով կը լրացնէ պատմութեան իր երկրորդ գիրքը։

Երրորդ գրքին խորագիրն է Ստեփանոսի Տարօնեցւոյ պատմութիւն ժամանակաց, ինքնախօսութիւն. Այս մասը էական բաժինն է իր պատմութեան որովհետեւ հաստատ կերպով ինքնագիր է եւ ուրիշներէ ազդուած չէ։ Բաւական հմտութիւն ունի իր պատմածներուն մէջ եւ այդ շրջանին պատմութեան վրայ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ, որոնց այլապէս անտեղեակ պիտի ըլլայինք եթէ գրած չըլլար անոնց մասին։

Իրմէ ետք եկող պատմիչները ըսած են իր մասին. Զաշխարհապատում գիրս շարադրեաց սքանչելի յօրինուածովք սկսեալ ի մարդն առաջին, եւ գայ բովանդակէ զպատմութիւն իւր ի վախճան Գագկայ` վասն որոյ պատմութիւնս է։

Իրեն վերագրուած է նաեւ Երեմիա Մարգարէին գրքին մեկնութիւնը, սակայն այս գրութիւնը տակաւին մեր ձեռքը հասած չըլլալով` չենք կրնար վստահ ըլլալ այդ մասին։ Իր աւանդական տարիքին մասին հետեւեալ արտայայտութիւնն ունեցած են հետագայ մեր պատմիչները , զայն կոչելով Ծայրագոյն Ծերն։








All the contents on this site are copyrighted ©.