2009-01-28 13:14:17

Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։

Կազայի Մէջ Զինադադարը Դիւրաբեկ։ Կազայի հետ Իսրայէլի սահմանին վրայ իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած են , երբ երէկ ական մը պայթեցաւ, ապա իսրայէլեան ուժեր պաղեստինցի մը սպաննեցին։ Կանուխ առաւօտուն պատահած բախումները, իսրայէլեան 22-օրեայ յարձակումէն ետք ամէնէն ուժեղներն էին։ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք նշեց, որ ասիկա լուրջ եւ անընդունելի դէպք մըն է, եւ թէ պիտի հակազդեն ու արդէն Իսրայէլ ռմբակոծեց պաղեստինեան կարգ մը փապուղիներ։ Միւս կողմէ Պաղեստինեան լաւատեղեակ աղբիւրներ ՝՝Շարք Աուսաթ՝՝ օրաթերթին կը յայտնեն, որ Համաս պիտի ընդունի 18 ամիս տեւողութեամբ զինադադար մը հաստատել։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ իբրեւ նախագահ իր պատկերասփիւռային առաջին հարցազրոյցը տալու համար ընտրեց ՝՝Ալ-Արապիա՝՝ արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը՝ աշխարհի իսլամներուն պատգամ մը ուղղելով, ՝՝թէ ամերիկացիները ձեր թշնամիները չեն՝՝։Հարցազրոյցը եկաւ ընդգծելու ամերիկեան նախկին վարչակազմի օրերուն Իսլամներուն հետ հաստատուած յարաբերութիւնները դարմանելու Օպամայի յանձնառութիւնը։Օպամա Տուպայի մէջ հաստատուած սէուտական պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, թէ ՝՝իսլամական աշխարհին իմ պարտականութիւնս է փոխանցել, թէ ամերիկացիները ձեր թշնամիները չեն՝՝ ։Օպամա իր հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց իսլամական աշխարհին ՝՝փոխադարձ յարգանքի եւ շահի վրայ հիմնուած նոր գործընկերութիւն մը հաստատելու՝՝։

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Չի Զրկուիր Քուէարկելու Իրաւունքէն։ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին երէկ քուէարկութեան դրուեցաւ Հայաստանի կողմէ վեհաժողովին 1609 եւ 1620 բանաձեւերու պահանջներու գործադրութեան հարցը։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանը կը հաղորդէ, որ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ 141 թեր, 3 դէմ եւ 5 ձեռնպահ քուէներով բանաձեւը ընդունուեցած է առանց Հայաստանի պատուիրակութիւնը քուէարկելու իրաւունքէ զրկելու մասին եղած թեզին։

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային Դրամատան փոխնախագահ Շիկէօ Քացուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Համաշխարհային դրամատան հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Համաշխարհային դրամատան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործընկերութեան ռազմավարութեան շրջանակներուն մէջ յառաջիկայ չորս տարիներուն իրականացուելիք ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջազգային տնտեսական տագնապին Հայաստանի տնտեսութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան ու այդ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման վերաբերող հարցեր։ Համաշխարհային դրամատան փոխնախագահը բարձր գնահատած է միջազգային տնտեսական տագնապին ազդեցութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերը։

Ֆրանսական ՝՝ԼԷքսփրես՝՝ օրաթերթը իր 22 յունուարի թիւով կանդրադառնայ թուրք մտաւորականներուն կողմէ նախաձեռնուած հայ ժողովուրդէն ներում հայցելու արշաւին։ Յօդուածը կը մէջբերէ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող թրքական ՝՝Տուր Տէ՝՝ շարժումին գործիչներէն Չենկիզ Ալկանի խօսքերը, ան կը յայտնէ որ ՝՝Արշաւը կը քանդէ խօսքերը այն մարդոց, որոնք կը պաշտպանեն այն գաղափարը, թէ պետութեան բոլոր ըսածները ճիշդ են եւ պէտք է առանց քննարկումի ընդունուին՝՝։Չէնկիզ Ալկան նաեւ կը նշէ, որ արշաւը պիտի շարունակուի մէկ տարի. ՝՝Պարզապէս սկիզբ մըն է, եւ արդէն նախապաշարումները կը նահանջեն՝՝(կըսէ Ալկան)։








All the contents on this site are copyrighted ©.