2009-01-27 13:25:58

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Պաղտատ-Իրաք։ Պաղտատի ոստիկանական ակադեմիայի մէջ կիներու վերապահուած առաջին դասընթացքի աւարտին՝490 կին ոստիկաններ կատարեցին երդումը հաւատարմութեան՝իրենց Երկրին, ի ներկայութեան Իրաքի Ներքին Գործոց Նախարար Ճավատ Ալ Պոլանի։ Այս նոր կին ոստիկանները (ինչպէս որ ընդգծեց նոյնիքն Պոլանի) պիտի ծառայեն Նախարարութեան բոլոր բաժիններու մէջ. ՝՝քաղաքային պաշտպանութեան, ճանապարհային ոստիկանութեան,գաղտնի սպասարկութեանց բաժանմուքներէ՝՝ ներս,ինչպէս նաեւ անոնք պիտի բերեն իրենց օժանդակութիւնը ընտրատեղամսերու ապահովութեան գործին, երբ 31 Յունուարին Իրաքցիները քուէատուփ պիտի երթան վարչական ընտրութիւններու համար։ 490 Իրաքցի կին ոստիկաններու երդման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Իրաքի Իգական Գործոց Նախարարը Նավալ ալ Սամմարայի,որու համաձայն իրաքցի կիներու ենթարկուած զրկումները Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգի տարիներուն,պատճառներէն մին է Երկրի յապաղումին միջազգային գետնի վրայ,իսկ այժմ ՝՝կիներու մասնակցութիւնը ոստիկանական այս դժուարին մարզէն ներս կը ներկայացնէ ժողովրդավարութեան ճանապարհի վրայ առնուած յառաջ քայլ մը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.