2009-01-27 13:32:37

Լուրեր հայ աշխարհէն

Արամ Մանուկեանի յիշատակում Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։


Յունուար 28ին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ, որ կը գտնուի Թոխմախ գերեզմանատան սահմաններէն ներս, տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստի եւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 90րդ տարելիցին։Յիշատակի ոգեկոչման այս արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ կառավարութեան այլ անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ։ Ի դէպ այս միջոցառումը նախաձեռնուած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին կողմէ։



Հ Հ Առաջին Տիկնոջ Գիւմրիի Մանկատուն այցելութիւնը

Տիկին Ռիթա Սարգսեան՝ Հայաստանի առաջին Տիկինը, Հ Հ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի տիկնոջ՝ Գոհար Սարգսեանի եւ նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի տիկնոջ՝ Սուսաննա Մարգարեանի ընկերակցութեամբ, Երկուշաբթի 26 Յունուարին այցելեց Գիւմրիի մէջ գտնուող Թռչունեան տուն մանկատուն-կրթարանը։ Այս առթիւ հիւրերը ծանօթացան առկայ խնդիրներուն, դիտեցին երեխաներու ձեռքի աշխատանքները։ Մանկատան մէջ ներկայիս կապրին 72 երեխայ՝ 2-16 տարեկան։ Մանկատան շէնքը վերանորոգուած է, կան բոլոր անհրաժեշտ պայմանները։ Տարեկան պիւտճէն կապահովուի սփիւռքի միջոցներով, մասնաւորապէս Տիթրոյթ քաղաքի Պոլսահայերու միութեան ջանքերով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի աջակցութեամբ։



Վահան Թէքէեանի անուան մրցանակներու յաղթողներու Պարգեւատրում

Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան շէնքին մէջ պարգեւատրուեցան Վահան Թէքէեանի անուան ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան յաղթողները։ Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարներ, արուեստագէտներ։ Գեղարուեստական գրականութիւն մրցանակին արժանացաւ Յովհաննէս Թեքգէօզեանը՝ Ապակու արեւ պատմուածքներու ժողովածուին համար։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մրցանակ սահմանուած է Հանրօգուտ գործունէութիւն անուանակարգով, որու մրցանակը տրուեցաւ Վիւասէլ ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Երիկեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.