2009-01-27 13:00:43

Ակնարկ Մը՝Միջազգային Ու Ազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը՝Միջազգային Ու Ազգային Դէպքերուն։



Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ վաղը Զուիցերիա պիտի մեկնի՝ Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարին մասնակցելու համար։Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին նոյն օրը Ցիւրիխի մէջ կը նախատեսուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ։ Հայաստանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Ցիւրիխի հանդիպումը իր տեսակին մէջ երրորդն է Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ. Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համագումարի ծիրին մէջ նախատեսուած են նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ այլ պետութիւններու ղեկավարներու եւ միջազային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ զուիցերիահայ համայնքին հետ։Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ մեկնած է Ցիւրիխ, ուր այսօր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ։



Հայաստանի հանրային ռատիոն կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լուիս Մարիա տէ Փիւչ՝ պատասխանելով ՝՝Մետիամաքս՝՝ գործակալութեան հարցումին, երէկ ըսած է թէ ՝՝չի կարծեր որ Հայաստան զրկուի քուէարկելու իրաւունքէն՝՝։ Ան նշած է նաեւ, որ Փրեսքոթի եւ Քոլոմպիէի Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր աշխատանքային նոր խմբակ մը ստեղծելու մասին՝ քաղաքական բանտարկեալներու հարցի ուսումնասիրութեան նպատակով։Այս խմբակը պիտի քննարկէ նաեւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը, եւ Հայաստանի մէջ հետագային պիտի ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ մը, որ ընդունելի պիտի դառնայ Եւրոպական խորհուրդին համար,( ըսած է Տէ Փիւչ)։ Նշենք որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով(26-30 Յունուար) Սթրազպուրկ մեկնած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան, պատուիրակութեան անդամներ Աւետ Ադոնց, Արմէն Ռուստամեան, Գրիգոր Մարգարեան, Արծրունի Աղաճանեան, Նայիրա Զոհրապեան եւ Հերմինէ Նաղդալեան։



250 միլիոն Տոլար՝ ՝՝Նիւ Եորք Թայմզին՝՝։

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Ծագումով լիբանանցի մեքսիքացի միլիառատէր Քարլոս Սլիմ նիւթական դժուարութեան մատնուած ՝՝Նիւ Եորք թայմզ՝՝ օրաթերթի ընկերութեան 250 միլիոն տոլարի փոխատուութիւն մը կատարած է։ Օրաթերթին համաձայն, Սլիմ վեց տարուան ժամանակամիջոցի մը համար եւ 14 առ հարիւր տոկոսով կատարած է իր փոխատուութիւնը։ Սլիմ արդէն իսկ օրաթերթի 69 առ հարիւրին սեփականատէրն է։ Թերթը կը նշէ նաեւ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ անձնաւորութիւններէն մէկը հանդիսացող Քարլոս Սլիմ ընկերութեան վարչական խորհուրդին մէջ ներկայացուցիչ պիտի չունենայ։

Իսկ Միջին Արեւելեքի կարեւորագոյն անգլիատառ օրաթերթը նկատուող լիբանանեան ՝՝Տէյլի Սթար՝՝ը մէկ շաբաթէ ի վեր դադրած է հրատարակուելէ։ Օրաթերթին խմբագրատունը դատարանին որոշումով փակուած է, որովհետեւ օրաթերթի սեփականատէր Ժամիլ Մրուէ դրամատունի մը նկատառելի գումար մը պարտական է։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, այդ գումարը շուրջ մէկ միլիոն տոլար է։



ԵՐԵՒԱՆ- Յունուար 28ին, Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ,( որ կը գտնուի Թոխմախ գերեզմանատան սահմաններէն ներս), տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստի եւ յիշատակի արարողութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 90րդ տարելիցին։Յիշատակի ոգեկոչման այս արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ՀՀ. կառավարութեան այլ անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.