2009-01-26 13:44:46

Եկեղեցական Գիտելիքներ

3-րդ Շաբաթ Յայտնութեան 25 Յունուար – 1 Փետրուար 2009


Կիրակի օր` Լսեցինք աւետարանին մէջ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեուր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։

Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։

Երկուշաբթի 26 Յունուարին, տօնն է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու. Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։ Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ. Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373-ին, Աղեքսանդրիա։ Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը, հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանրիա։

Երեքշաբթի 27 Յունուարին ` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Աստուածաբան անունով, իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան պատճառաւ։ Ծնած է 330-ին, Արիանզ գիւղը եւ բաւակն ուսումներ ստանալէ ետք` 371-ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի. Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով` կը հրաժարի եւ կը քաշուի իր քաղաքը, ուր եւ կը վախճանի 390 թուին։

Հինգշաբթի 29 Յունուարին` տօնն է Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւտաքին մէջ հաստատուն մանալուն համար։

Շաբաթ 31 Յունուարին` կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը. Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս, Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։

Կը տօնուի նաեւ Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետի տօնը, թէեւ արդէն տօնուած էր Դեկտեմբերի մէջ, պարզապէս տօնացոյցի պատշաճեցման համար։

Իսկ կիրակի 1 Փետրուարը թէեւ ըստ ծիսական տօնացոյցի Առաջաւորաց բարեկենդան է, սակայն գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` կը տօնուի Տեառնընդառաջը, որ Յիսուսի քառասնօրեայ Գալստեան տօնն է Երուսաղէմի Տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.