2009-01-25 15:53:06

ֆրանսահայ Լրագրող Ժան Էքեանի Ուսումնասիրութիւնը.


՝՝Որո՞նք Են Հայութենէն Ներողութիւն Խնդրող Թուրքերը՝՝։ (Թուրքիայէն Անդին 63 Երկիրներէ Մասնակցութիւն).

ՓԱՐԻԶ- Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան ուսումնասիրած է 265 թուրք մտաւորականներու կողմէ սկսած հայերէ ներողութիւն խնդրելու համացանցային արշաւին մասնակցողները։ Արշաւը կը շարունակէ ստորագրութիւններ ապահովել, հակառակ այն իրողութեան, որ համացանցային կայքը քանի մը առիթներով խաբանարարական յարձակումներու թիրախ դարձած է։ Երեքշաբթի, Յունուար 20ի տուեալներով, ներողութիւն խնդրողներուն թիւը հասած է 27,929ի։ Ստորարգողներուն մէջ կան աւելի քան 6300 ուսանողներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան 1700 փրոֆեսէօրներ, 1200 ճարտարագէտ ու աւելի քան 1000 աշխատաւոր։ Կան նաեւ մօտաւորապէս 700 փաստաբաններ, նուազ քան 600 լրագրողներ, նուազ քան 500 բժիշկներ, իսկ մնացեալը Թուրքիոյ ընկերութեան զանազան մարզերու ներկայացուցիչներ են։ Քաղաքներու տեսակէտէն՝ ամէնէն մեծ մասնակցութիւնը կուգայ Պոլիսէն, որ ապահոված է գրեթէ 10,000 ստորագրութիւն։ Անգարայէն ստորագրած է 2129 հոգի, Իզմիրէն՝ 1823 հոգի, իսկ Տիարպէքիրէն՝ 1423 հոգի։ ՝՝Հապէր թիւրք՝՝թրքական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւը մեծ հետաքրքրութեան նիւթ դարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ, ուրկէ մեծ թիւով քաղաքացիներ համացանցին վրայ կը հետեւին զարգացումներուն։ Թուրքիայէն դուրս ապրող 63 երկիրներէ եւս մասնակցութիւն կայ այս արշաւին։ Գերմանիա օտար երկիրներու ցանկին վրայ առաջին տեղը կը գրաւէ 1729 ստորագրութիւններով։ Թուրքիայէն դուրս ստորագրողներուն թիւը հասած է 3793ի։ Ամերիկայէն կան 343, Բրիտանիայէն՝ 324, Ֆրանսայէն 310 եւ Զուիցերիայէն՝ 231 հոգի։

Արշաւը կը շարունակուի www.ozurdiliyoruz.com համացանցային կայքին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.