2009-01-24 11:58:29

Լուրեր հայ աշխարհէն

Սիւնիքի մէջ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ծրագիրները։


Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներով եւ Թեհրանի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ, Սիւնիքի մէջ իրագործուած է 7 միլիոն դրամի արժողութեամբ արտաքին լուսաւորութեան համակարգ՝ 20ական լուսարձակ սիւն տեղադրելով Շուանիձոր, Ալուանք եւ Նռնաձոր համայնքներուն մէջ։ Անցեալ տարի՝ 2008-ի Հոկտեմբերին, Նռնաձոր գիւղին մէջ սկսած են ջրատարի կառուցման աշխատանքներ։ Նոր հորը արդէն սկսած է ջուր մատակարարելու 1200 մեթր երկարութեամբ նորակառոյց ջրատարին։ Ծրագիրի երկրորդ հանգրուանին պիտի կառուցուին ջրամատակարարման ներքին ցանց եւ 2 ջրմուղի կայան։



Արցախի Մէջ Տիգրանակերտի 2009ի Պեղումները՝ Յունիս-Օգոստոսին

Արցախի տարածքին գտնուող Տիգրանակերտ պատմական բնակավայրի այս տարուան պեղումները պիտի շարունակուին Յունիս-Օգոստոս ամիսներուն այդ նպատակին համար Ղարաբաղի իշխանութիւնը յատկացուցած է 35 միլիոն դրամ, որ նախորդ տարուան յատկացումներէն 5 միլիոն դրամով աւելի է այսպէս յայտնած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հնագիտութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբի ղեկավար Համլէտ Պետրոսեան ։

Այս տարի պիտի շարունակուին քաղաքի նախաքրիստոնէական պարիսպներու եւ բազիլիք եկեղեցւոյ պեղումները։ Պիտի կատարուին քաղաքի կերպարի վերականգնում եւ հնագիտական նիւթերու ժամանակագրութիւն, ինչ որ կը պահանջէ դրամական յաւելեալ յատկացումներ։ Նախորդ տարի իրականացած աշխատանքին արդիւնքով յայտնաբերուած էին միջնաբերդի պարիսպներու հիմնական մասը եւ անոր ինը մեթրանոց աշտարակը, որ կառուցուած է հռոմէական ճարտարապետական ոճով։ Պեղուած է նաեւ դամբարանադաշտը, որ իր մեծութեամբ առաջինն է մեր տարածաշրջանին մէջ։



Երեւան- Հայ Ճարտարապետներու Համաժողով

Հայաստանի մէջ 21-23 Ապրիլ 2009, պիտի կայանայ Հայ Ճարտարապետներու Համաժողով Հայկական ճարտարապետութեան 21րդ դարը խորագրով որուն պատրաստութեան համար 22 Յունուարին տեղի ունեցաւ համաժողովը համակարգող խորհուրդի նիստը զոր վարեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. այս առթիւ ներկայացուեցան կատարուած աշխատանքները եւ քննարկուեցան կազմակերպչական եւ շարք մը այլ հարցեր։

համաժողովի նպատակն է համայն հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու մէկտեղումով լուծել մի քանի հիմնական հարցեր՝ ապահովել Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնագէտներու փորձի փոխանակումը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից ճարտարապետութեան մէջ նոր արհեստագիտութեանց կիրառումը, ներգրաւել երիտասարդներուն ճարտարապետական կրթութեան մէջ, իրականացնել անոնց վերապատրաստումը, տեղեակ պահել համաշխարհայաին երեւոյթներէն եւ լուծել հայ ճարտարապետական ժառանգութեան արժեւորման, պահպանութեան, զարգացման հարցերը (ըսաւ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ, քաղաքաշինութեան փոխնախարար Նարեկ Սարգսեան)։ Հայաստանցի եւ սփիւռքահայ ճարտարապետներու ուժերու միաւորումը (ըսաւ Սարգսեան) հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ միջազգային տարբեր կառոյցներու միջոցով նպաստել հայ ճարտարապետական յուշարձաններու ներկայացման, ճանաչելիութեան բարձրացման եւ պահպանութեան գործին։ Անդրադառնալով համաժողովի ձեւաչափին՝ Սարգսեան նշեց, որ ան բաղկացած պիտի ըլլայ երեք հիմնական բաժիններէ՝ կազմակերպական-քաղաքական ելոյթներ, կլոր սեղաններ, մասնագիտական քննարկումներ եւ ցուցահանդէսներ։ Ծրագրուած է ստեղծել կառոյց մը, որ հետագային պիտի համակարգէ հայ ճարտարապետներու աշխատանքները։

Կազմակերպական աշխատանքներու գծով զեկուցուեցաւ, որ ութսունէն աւելի հրաւէրներ ուղարկուած են սփիւռքահայ ճարտարապետներուն, սակայն մասնակցութեան յստակ թիւը դեռ պարզ չէ։ Մեծ արձագանգներ կակնկալուին յատկապէս Ռուսիայէն, Իրանէն ու Ջաւախքէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.