2009-01-23 13:14:19

Վատիկանը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի կառավարութիւններուն որ աւելի խնամատար ըլլան բորոտախտէն տառապողներու հանդէպ։


Բորոտախտի 56-րդ օրուան առթիւ Վատիկանը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի կառավարութիւններուն որ աւելի խնամատար ըլլան բորոտախտէն տառապողներու հանդէպ։

Վատիկանի առողջութեան նախարարը` կարտինալ Պառական կոչ ուղղած է երկրագունդի պատասխանատուներուն, որպէսզի աւելի հոգատարութեամբ մօտենան բորոտութենէն տառապողներուն, եւ մասնաւորապէս մանուկ բորոտներուն։ Բորոտախտի 56-րդ օրը կը յիշատակուի յունուար 25-ին։ Կարտինալ Պառական իր պատգամին մէջ կը գրէ թէ՝ հարկաւոր է որ միջազգային հասարակութիւնը ուղիղ տեղեկութիւններ ունենայ այս հիւանդութեան մասին եւ իւրաքանչիւր անձ պարտք զգայ եղբայրական զօրակցութիւն ցոյց տալու հիւանդներուն հանդէպ։ Ան մխիթարական կը նկատէ մարդասիրական բազմաթիւ ընկերակցութիւններուն տարած աշխատանքը, այս հիւանդութեան դէմ։ Յայտնենք որ 1954-ին ՄԱԿը հաստատած է ՜՜Բորոտութեան օրը՝՝ նախաձեռնութեամբ Ռաուլ ֆոլլըրոյի։ Այդ օրը առիթ կու տայ դրամահաւաք կատարել , փրկելու՝ համար հազարաւոր մարդիկ այդ հիւանդութենէն։ Ամէն տարի, այս հիւանդութիւնը, շուրջ 250 հազար անհատներ կը հարուածէ, որոնցմէ 12 տոկոսը անչափահասներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.