2009-01-23 13:04:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 23 յունուար 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Մաչետոնիայի հանրապետութեան նախագահը` տիար Պրանքօ Գրեվենքովսքի եւ անոր շքախումբը. ապա Գերերջանիկ Ինքնատիոս Եունան՝ Ասորիներու պատրիարքը եւ անոր շքախումբը։

Հուսկ Նորին սրբութիւնը ընդունեց Իրաքի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը գլխաւորութեամբ՝ կարտինալ Էմմանուէլ Տելիի` Գաղտիացիներու պատրիարքին։

Յայտնենք թէ՝ Ռատիովատիկանի մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին Քէրքուքի գաղտիացի առաջնորդը` արքեպիսկոպոս լուի Սաքօն խնդրած է Վատիկանէն որ ընդհանուր սիւնոդոս մը կազմակերպուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները նիւթին մասին։

Ան դիտել տուաւ թէ 1995ին Վատիկանի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ Լիբանանի մասին, սակայն մինչեւ օրս բնաւ ժողով մը չէ կազմակերպուած Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին։

Գերապայծառ Սաքօն ընդգծեց թէ՝ Իրաքի, Լիբաբանի կամ Պաղեստինի հարցերը նոյն եւ նման են` քրիստոնեաները կը հեռանան իրենց հայրենիքէն, կամ’ հալածանքի պատճառաւ եւ կամ’ աշխարհաքաղաքական կացութեան հետեւանքով։ Եթէ բացայայտ տեսութիւն մը չկայ, քրիստոնեաները պիտի չմնան Միջին Արեւելքի մէջ եւ պիտի հեռանան այդ հողամասէն որ նախապէս օրհնուած էր, իսկ այսօր՝ անիծուած։

Մահմետական մեր եղբայրները եւս մեզմէ բան մը կ՛ակնկալեն եւ պատրաստ են ընդունելու բազմազանութիւնը։ Քրիստոնեաները թէեւ փոքրամասնութիւն կը կազմեն սակայն կարեւոր դեր մը ունին ընկերութեան մէջ։ ճանչնալով հանդերձ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մեծ սատարը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ի խնդիր, Գերապայծառ Սաքօ ըսաւ որ սակայն անոնք դեր աւելի օգնութեան կարիքը ունին որովհետեւ հաւատացեալները իրենք զիրենք կղզիացած կը զգան։








All the contents on this site are copyrighted ©.