2009-01-23 13:21:56

Լուրեր հայ աշխարհէն

Հայաստան-Արա Վարդանեան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան տնօրէն:


Հ Հ նախագահ՝ եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ստորագրած է հիմնադրամի նախագահութեան որոշում մը՝ որով գործադիր վարչութեան տնօրէնի թափուր պաշտօնը յանձնուած է Արա Վարդանեանին։ Հիմնադրամի նոր տնօրէն Ա. Վարդանեան 2004էն ի վեր կը գործէ հիմնադրամին մէջ՝ առաջին երկու տարիները իբրեւ Հիմնադրամի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար, այնուհետեւ իբրեւ փոխտնօրէն, իսկ 2008ի Յունիս ամիսէն սկսեալ՝ իբրեւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատար։

Վարդանեան ԱՄՆ ի մէջ իր երկրորդական կրթութիւնը ստացած է, այնուհետեւ, մագիստրոսի աստիճանը՝ Երեւանի օտար լեզուներու պետական համալսարանէն։

Մասնագիտացած է քաղաքագիտութեան եւ անգլերէն լեզուի մէջ։ Մասնակցած է տնտեսական մասնագիտական որակաւորման բազմաթիւ դասընթացքներու՝ Ճափոնի, Աւստրիոյ, Յունաստանի, Հնդկաստանի մէջ եւ այլ տեղեր։ 2000-2004 աշխատած է Հայաստանի առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարութեան մէջ՝ իբրեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան վարչութեան պետ։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ։



Երեւանի համար ընտրուած քաղաքապետ մինչեւ 7 Դեկտեմբեր

Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 15ին ստորագրեց Ազգային ժողովին որոշած ՜՜Երեւան քաղաքում տեղական ինքնակառավարման օրէնքը՝՝ ըստ որուն կը դադրի քաղաքապետին նշանակման գործընթացը եւ կը սահմանուի անոր ընտրութեան կարգը։ Այսպիսով կը յստականայ 65 անդամէ բաղկացած Երեւանի աւագանիի ընտրութեան թուականը, ապա աւագանին կընտրէ քաղաքապետը։ Այս ընտրութիւններով շահագրգռուած պիտի ըլլան քաղաքական բոլոր ուժերը։

Ընտրական իրաւունքի մասնագէտ Հրայր Թովմասեանը վերլուծելով նոր օրէնքը՝ ըսած է, թէ այսպիսով, Երեւանը մինչեւ յառաջիկայ Դեկտեմբերի 7, պիտի ունենայ ընտրուած քաղաքապետ, որ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին նման, պիտի ստանձնէ իր լիազօրութիւնները ընտրութիւններով եւ օրէնքով սահմանուած երդումով ՝ ծառայելու Երեւանի բարգաւաճման, գործելու ի նպաստ անոր բնակիչներու բարօրութեան, հոգ տանելու անոր փառքին պահպանման եւ նպաստելու անոր նիւթական եւ հոգեւոր վերելքին։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի հանրապետութեան բնակչութեան զգալի մասը կապրի Երեւանի մէջ, տարածուած է այն կարծիքը, որ քաղաքապետը կրնայ դառնալ նախագահի հակակշիռը՝ ստեղծելով հանրապետութիւն մը՝ հանրապետութեան մէջ, ինչ որ նախաքայլ մըն է երկիշխանութեան։



Թուրքիա-Անձնասպանութեան Փորձ Պոլսոյ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Մէջ

Չորեքշաբթի, Յունուար 21ին, 51ամեայ Սեւան Պոյնուինճէ ,Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիին մէջ, իր աղօթքը ընելէ ետք, նիւթական իր դժուար կացութեան մասին նամակ մը փակցուցած է եկեղեցւոյ պատին վրայ եւ ատրճանակով անձնասպան ըլլալ փորձած է։ Ան ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուած է հիւանդանոց եւ մահամերձ վիճակի մէջ կը գտնուի։ այսպէս տեղեկացուցած է Պոլիս լոյս տեսնող Մարմարա օրաթերթը նշելով որ ՜՜ Ենթական իր նամակին մէջ շեշտած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը լաւ չէ ղեկավարած տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամի պատճառով երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Աստուած իմ, խելք ու միտք տուր այս մարդոց, եթէ զոհ մը կուզես, առ քեզի զոհ, գրած է ան՝՝։

Ոսկիէ յուշամետալ Յարութիւն Քիւրքճեանին

Կրթութեան մարզին մէջ իր ունեցած մեծ վաստակին համար, աթէնքաբնակ մտաւորական եւ մանկավարժ Յարութիւն Քիւրքճեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին՝ Ոսկիէ յուշամետալին։



Միացեալ Նահանգներ-Անթոնինա Մահարիի Ոդիսականս գրքի ներկայացում։

Կլէնտէյլի մէջ յառաջիկայ 5 Փետրուարին, կազմակերպութեամբ՝ Ապրիլ գրախանութին տեղի պիտի ունենայ Անթոնինա Մահարիի Ոդիսականս (My Odyssey) ինքնակենսագրական հատորին ներկայացումը, որ պիտի կատարէ հատորը խմբագրած՝ Ռութ Պետեւեան։

Գուրգէն Մահարիի կինը՝ Անթոնիա Մահարի ծնած է Լիթուանիա , Ստալինեան տարիներուն աքսորուած էր Սիպերիա եւ հոն է որ հանդիպած էր Գուրգէնի, որմէ ետք ամոլը Երեւան փոխադրուած է։














All the contents on this site are copyrighted ©.