2009-01-23 13:12:50

Ակնարկ Մը Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Միջազգային ու Ազգային Դէպքերուն։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հրամայեց մէկ տարուան ընթացքին փակել Կուանթանամոյի արգելավայրը։ Սոյն հրամանագիրով Օպամա կուգ ար յարգելու իր ընտրական խոստումներէն մէկը ։ Նախաահ Օպամայի խնդրանքով ռազմական դատաւորները արդէն իսկ առկախած էին շարք մը ահաբեկչութեան կասկածելիներու դատավարութիւնները։Ան նաեւ հրամայեց վերատեսութեան ենթարկել զինուորական դատավարութիւնները եւ արգիլեց՝ չարչարանքի համազօր հարցաքննութեան խիստ միջոցներու կիրարկումը։Օպամա երէկ երեք հրամանագիրները ստորագրելով յստակ խզում մը յառաջացուց իր նախորդին՝ Ճորճ Պուշի վարած քաղաքականութեան հետ։



ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ 21 յունուարին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման նուիրուած Գիտաժողով, որուն ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ գիտաժողովը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն մարտ 2008-ին Մարդկային իրաւանց խորհուրդին կողմէ ընդունուած՝ Հայաստանի հեղինակած եւ աւելի քան 60 երկիրներու կողմէ համահեղինակուած Ցեղասպանութեան կանխարգիլում 7/25 բանաձեւի պահանջներուն։ Հայաստան, որուն ժողովուրդը վերապրած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն, այս յանցագործութեան դէմ պայքարն ու կանխարգիլումը առաջնային խնդիր կը նկատէ եւ այս ուղղութեամբ աշխուժ աշխատանք կը ծաւալէ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, (նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ)։Արման Կիրակոսեան իր ելոյթին ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է ցեղասպանութեան յանցաործութեան դրսեւորումներուն՝ մարդկային իրաւանց շարունակական եւ մտածուած ոտնահարում, ատելութեան սերմանում, պատմութեան վերատեսութեան փորձեր, մերժողական քաղաքականութիւն, անպատժելիութիւն, քաղաքական նպատակայարմարութենէն թելադրուած անգործութիւն, որոնք կը դառնան ցեղասպանական մտածելակերպի արմատաւորման հիմքեր եւ պարարտ հող կը ստեղծեն մարդկութեան դէմ այս ամէնէն դաժան յանցագործութեան կրկնութեան համար։



26-30 յունուար Սթրազպուրկի մէջ գումարուելիք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանի օրակարգի նախագիծին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան վերաբերեալ թիւ 1609 եւ թիւ 1620 բանաձեւերու գործադրութեան ընթացքի մասին զեկուցումի եւ բանաձեւի որդեգրման կապակցութեամբ քննարկումները նախատեսուած են՝ 27 յունուարին։

Նշենք որ Դիտարկումի Յանձնախումբը 17 դեկտեմբեր 2008-ին առաջարկած էր խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւնը զրկել քուէարկելու իրաւունքէն։



Այսօր Հայաստանի մէջ Փիլիպեաններու դեսպանը իր հաւատարմագիրը կը յանձնէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.