2009-01-22 12:41:44

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Երկրի առաքելական դեսպանը Կազա կ՛այցելէ ։


Յունուար 21ին գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանգօ,Վատիկանի առաքելական դեսպանը` Ս. Երկրի մօտ, այցելութիւն կատարած է Կազա, Սրբազան Քահանայապետին ուղարկած օգնութիւնները հասցնելու Կազայի տառապեալ ժողովուրդին։ Ի տես դառն եղելութեան` տուներու փլուզում, ցիր ու ցան դագաղներ եւ յուսահատութիւն վատիկանի դիւանագէտը ըսաւ. ՜՜ պատերազմը անգամ մը եւս հաստատեց թէ պատերազմով բնաւ լուծում մը չի գտնուիր եւ թէ ոյժի դիմելը յառաջ կը բերէ մահ եւ աւեր։ Ս. Ընտանիքի անուան ժողովրդապետութեան մէջ պատարագ մատուցանելթէ ետք Առաքելական դեսպանը ըսաւ. Ես Կազա կը գտնուիմ հաղորդելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին զօրակցութիւնը եւ ականատես ըլլալու պատահածին, եւ գնահատելու մարդոց կարիքները։ Աղօթքս է, ըսաւ ան, որ այս պատերազմը ցնցիչ ազդանշան մը ըլլայ հաստատելու խաղաղութիւնը Ս. Երկրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.