2009-01-21 14:01:16

Ոչ եւս է կարտինալ Ստեփան Ղաթթաս Բ. վաստակաւոր պատրիարքը ղպտիներու կաթողիկէ եկեղեցւոյ ։


Կարտինալ Ստեփան Ղաթթաս Բ. երեքշաբթի օրը իր մահկանացուն կնքեց Գահիրէի մէջ։ Անոր մահով կարտինալական դասը ներկայիս կը հաշուէ 188 ծիրանաւոր, որոնց 116ը իրաւասու է քահանայապետ ընտրելու։

Հանգուցեալ կարտինալը ծնած էր Եգիպտոս 16 յունուար 1920ին։ Եկեղեցական ուսումը Յիսուսեաններու մօտ կատարած էր։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուած է 1944-ին ։ Եղած է Իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան դասախօս ։

8 մայիս 1967ին եպիսկոպոս օծուած է Լուքսոր քաղաքին համար։ 1984ին նշանակուած’ առաքելական կառավարիչ Ղպտի պատրիարքութեան։ 9 յունիս 1986ին ընտրուած է Աղեքսանդրիոյ պատրիարք կաթողիկէ ղպտիներու։ 21 փետրուար 2001ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը անոր շնորհած է կարտինալական աստիճանը։ Ան 2006ին’ հրաժարականը ներկայացուցած էր իր յառաջացած տարիքին համար ։










All the contents on this site are copyrighted ©.